
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Տարի՞ մը, դա՞ր մը եւս. տակաւին որքա՞ն սպասենք:
Ըսէ՛ք մեզի, կը խնդրենք: Որպէսզի գիտնանք: Եւ կանուխէն չսկսինք սպասելու:
Մինչեւ ե՞րբ: Որպէսզի իւրաքանչիւր տարի չհիասթափինք: Եւ զերոյէն չվերսկսինք: Որպէսզի մեր ունեցած կտոր մը յոյսն ալ չկորսցնենք:
Բայց հարցումը որո՞ւն պիտի ուղղենք արդեօք: Որմէ՞ պատասխանի կը սպասենք: Իսկ եթէ հակադարձէինք: Մտածա՞ծ ենք այդ կարելիութեան մասին: Կարծեմ՝ ոչ: Ժամանակը կ՛անցնի, մենք ալ՝ անոր հետ:
«Հարիւրամեակին Նուիրուած ՀՅԴ Յուշամատեան» ալպոմ-ատլասի Բ. հատորը, որ կը կրէ «Գոյամարտ» ենթախորագիրը եւ կը ներկայացնէ (1914-1925) ժամանակաշրջանը, կը բովանդակէ դարերէ ի վեր թշնամի ճիւաղ թուրքին կատարած բարբարոսութիւնները. այն թուրքերուն, որոնք կատարեալ հրէշներ էին, եւ որոնք այսքան մեծ ոճիր մը գործելէ ետք ապաստանած էին եւրոպական մեծ մայրաքաղաքներ, ուր կը հանգստանային՝ առանց խղճահարութեան: Բայց, մեր յեղափոխականները, որոնք ո՛չ միայն հանգիստ չըրին, այլեւ՝ բաց աչքերով կը քնանային, որպէսզի առիթը չկորսնցնեն սպաննելու համար մեծ ոճրագործները, Եւրոպայի իրենց թաքստոցներուն մէջ, որոնք կը կարծէին, որ ոչ ոք կրնար դպչիլ իրենց, քանի իրենք լրիւ գործադրած էին իրենց պարտականութիւնը, նաեւ յարգած սուլթանին ծրագիրները:
Սակայն, ի վերջոյ հայ յեղափոխականները գտան այդ մեծ ոճրագործները եւ Պոլսոյ կամ Եւրոպայի հրապարակներուն վրայ դիտապաստ զգետնեցին զանոնք: Թէեւ, թուրք ոճրագործները, այդպէս ալ չկրցան թաղել Հայկական Հարցը:
Բայց, մենք այլեւս չենք կրնար լուռ անցնիլ Ապրիլ 24ին վրայէն, որովհետեւ կը կարծենք, որ մեծ մեղք մը գործած կ՛ըլլանք, նոյնիսկ եթէ ժպտինք: Ճիշդ է, որ այլեւս պաշտօնապէս չենք սգար, բայց սգաւորի պէս կ՛ապրինք: Հոգ չէ, մեծ զոհողութիւն մը չէ: Մենք միշտ սգաւոր ենք:
Ապա, կու գայ երկար հատուած մը՝ «Հայկական Նեմեսիս»ին յատկացուած եւ ամբողջ էջ մը յեղափոխական անձնուրացներուն եւ անոնց լուսանկարներուն նուիրուած, հերոսներուն մասին կարճ կենսագրական ծանօթութիւններով:
Երբ այդ լուսանկարները տեսնես, կ՛ուզես ոտքի ելլել եւ բարեւի կենալ այդ գերմարդերուն առջեւ: Իսկ եթէ անդրադառնաս, որ անոնք գիտակցօրէն դէպի մահ գացին իրենց վրէժը լուծելու. բան մը, որ ամէն հայու չէ տրուած… «Հայասպանական արարք էր նաեւ1922ին, Իզմիրի գրաւման ժամանակ, Քեմալական բանակի կազմակերպած ջարդը քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան. ջարդ, որ մնաց անպատիժ» (Նոյն, էջ 214)1
Ուրեմն, տակաւին գործ ունինք կատարելիք: Ձեռնածալ չենք կրնար նստիլ եւ մտածել, որ մենք այլեւս ոչինչ ունինք ընելիք: Մեր հերոսները կատարեցին աշխատանքին մեծ մասը, իսկ մնացեալը մեր պարտքն է: Չմոռնա՛նք, որովհետեւ ատիկա «կտակն էր նահատակներուն»:
«Հայ Դատի Ուրացումը» խորագրին տակ, ալպոմը կը թուէ 1921-1923ի միջեւ ստորագրուած դաշնագիրները, որոնց մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ տողը, որ կ՛ամփոփէ Հայ Դատի ուրացման խօսքը. «Հայկական հարցը ո՛չ մէկ յիշատակութեան կ՛արժանանայ այս դաշնագրին մէջ», այսինքն Լոզանի դաշնագրին մէջ (Նոյն, էջ 219)։
Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի օրհնեալ անունները երբ արտասանենք, շատեր արդարօրէն իրենց երեսը կը խաչակնքեն: Եւ ճիշդ ալ կ՛ընեն: Իսկ միւսներն ալ իրենց արժանապատուութեան վերահաստատումը կը զգան:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մարմիններու անդամի իրենց հանգամանքով, «Յատուկ գործ»ին մէջ, կարեւոր դեր կ՛ունենան ընկերներ՝ Յովհաննէս Ամատունի, Շաւարշ Միսաքեան, Վահան Նաւասարդեան, Գալուստ Էյնաթեան, Խոսրով Պապայեան, Արտաշէս Հանըմեան եւ Միքայէլ Վարանդեան:
Հայ վրիժառուներու արձակած գնդակները պոռթկացին, հայութեան սրտին մէջ կուտակուած զայրոյթի ու ցասման ուժգնութենէն: Անձնուրացութեան եւ յանդգնութեան բոլոր մրցանակները կոտրած հայ նեմեսիսները, հայուն արժանապատուութիւնը մաքրեցին Մեծ Եղեռնի նուաստութեան արատէն եւ արժանացան համայն հայութեան սրտաբուխ օրհնութիւններուն»:
Գիտեմ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրերուն շատ շատեր իրենք զիրենք կր զրկեն շատ մը բաներէ: Իսկ ես ամառուան տաք օրերուն, չեմ կրնար գաւաթ մը սառը ջուր խմել, առանց խիղճի խայթի, որովհետեւ, աչքէս չեմ կրնար ջնջել պատկերը այն երախաներուն, որոնք իրենց վերջին շունչը փչեցին «պուտ մը ջուր» աղերսելով իրենց մայրերէն: Իսկապէս որ չեմ կրնար: Ինծի համար մեծ զրկանք մը չէ. յաջորդ օրն իսկ ես կրնամ կրկին քանակութեամբ ջուր խմել: Այդ հերոսները մեր արդի կեանքի սուրբերն են:
Գիտեմ նաեւ, որ վերոյիշեալ եօթը անուններէն բացի կային նաեւ ուրիշներ: Սոյն ՀՅԴ ալպոմի երկրորդ հատորը լեցուն է հարիւրաւոր անուններով եւ լուսանկարներով, որոնք նմանապէս արժանի են մեր անսահման երախտագիտութեան: Թէեւ այս ալպոմները միակը չեն իրենց տեսակին մէջ: Անոնց մէջ կան մեր հուժկու երիտասարդները, համալսարանականները, ամբողջ մտաւորական դասը, հոգեւորականները, եւայլն… շուրջ երկու միլիոն հայ մարդ:
Իսկ յաջորդ էջերուն վրայ կը շարունակուին անձնուրացներուն լուսանկարները՝ ոչ նուազ ծանօթ Նեմեսիսներ, նոյնպէս մեր սիրոյ եւ յարգանքին արժանի՝ Հրաչ Փափազեանի, Շահան Նաթալիի, Միսաք Թորլաքեանի, Երուանդ Ֆնտքեանի եւ այլն:
Եթէ նկատի ունենանք ներկայ Սփիւռքը, որ արդէն բերնէ բերան լեցուն է, ո՞ւր պիտի տեղաւորէինք նոր Սփիւռքը: Եւ այլեւս պիտի սկսէինք մտածել տեղ խնայելու մասին: Չի բաւեր, որ արդէն հիմա չափազանց տարածուած ենք, հիմա այլեւս աւելի մեծ պիտի բանանք կարկինը՝ բոլորին տեղ ընելու համար: Հետեւաբար, այլեւս պիտի չկրնանք ըսել «Կլենտէյլէն Երեւան»: Պէտք է գտնենք նոր չափանիշներ. Օրինակ՝ Հիւսիսային բեւեռէն մինչեւ Հարաւային բեւեռ կամ արեւելքէն՝ արեւմուտք:
Այնպէս մը պիտի ընենք, որ այդ տարածութիւնը ընդգրկէ նաեւ նախկին երկու կամ երեք Հայաստանները՝ պատմականը եւ նախասովետականը ներառեալ, եթէ մինչ այդ նոր հայրենիքներ չաւելնան: Կրնանք հաշուել նաեւ Արցախը եւ æաւախքը: Յանկարծ կը տեսնես, որ մինչեւ հիմա այսքան մեծ հայրենիք չենք ունեցած, ո՛չ ալ այսքան մեծ թիւով մայրաքաղաքներ: Կատակ չէ ըրածս. լուրջ կը խօսիմ: Յանկարծ կը տեսնես, որ կատակը իրականութիւն կը դառնայ: Բայց, այսօր կատակի օր չէ:
Բանիմաց ֆրանսացի դիւանագէտ Փօլ Քամպոն, 1894ին, թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտի մը հետ ունեցած խօսակցութեան մը ընթացքին կ՛ըսէ. «Հայկական Հարց մը գոյութիւն չունի, բայց մենք զայն պիտի ստեղծենք, իբրեւ պատրուակ գործածելու ապագայի մեր նպատակներուն համար9 (Vahagn N. Dadrian, «Warrant for Genocide Key Elements of Turko-Armenian Conflict», էջ. 67-68):
Ուրիշ էջ մըն ալ յատկացուած է Խորհրդային Հայաստան երթեւեկող սուրհանդակներու, լաստավարներու եւ գործիչներու լուսանկարներուն եւ անուանացանկերուն. «Սուրհանդակներէն ո-մանք անյայտացան խորհրդաւոր պայմաններու տակ: Ուրիշներ ձերբակալուեցան եւ անասելի տանջանքներով կնքեցին իրենց մահկանացուն: Սակայն պահպանուեցաւ հայութեան ՄԷԿութեան գաղափարը: Վառ մնաց Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայերուն հայօրէն ապրելու տենչը: Ազատութեան ոգին շարունակեց թեւածել հայրենիքի մռայլ երկնակամարին» (Նոյն, էջ 223):
Եւ կը շարունակէ թեւածել:
20 Ապրիլ, 2015
————————————————————————————————————————
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցի-Կլենտէյլ
————————————————————————————————————————-