
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հարիւր տարիներու խորքը թափանցել եթէ դժուար կը թուայ մարդ էակին, սակայն անիկա շատ հեշտ է երկրագունդի վրայ ապրող ոեւէ հայու համար: Ընդամէնը մէկ վայրկեան պէտք է, որպէսզի իր աչքերը փակելով իւրաքանչիւր հայ այս աշխարհի մէջ, տեսնէ պատմութեան այն սեւ էջը, որուն վերջաւորութիւնը կարմիր կնիքով կնքուած է, հայու արեամբ լեցուած կաղամարին մէջ թաթխելէ ետք անարդար աշխարհի աննկարագիր կնիքը, նենգ թշնամիին արիւնլուայ ձեռքով:
Քանի՜-քանի՜ անգամներ մարդկային ցեղի պատմութեան հոլովոյթին մէջ, անարդարութիւնը յօշոտած է արդարութեան: Քանի-՜ քանինե՜ր փորձած են իրենց խօսքով կամ հեղինակութեամբ, ուժով կամ բռնութեամբ միջամտութիւններ իրականացնել, խաղաղութիւն հաստատելու ազգերու միջեւ, անոնց կեանքէն ներս գոյառած անիմաստ գզվռտոցին վերջ տալու համար, սակայն նահանջելով ետ քաշուած են՝ անհնարին համարելով նման գործընթաց:
Սակայն, աշխարհը սխալեցաւ իր կողմէ ծրագրուած հաշիւներուն մէջ: Բարբարոս թուրքն ու անոր գաղափարակից դատարկաբան ճամարտակներու վոհմակը կ՛ուզէին մոռացութեան տալ, ինչ որ գործուեցաւ արեւու պայծառ լոյսին տակ, ու մանաւա՛նդ ամենատես Աստուծոյ խաղաղասէր հայեացքին դիմաց:
Չէ՜, դուք այնպէս կը խորհէիք, թէ անապատին մէջ իւրաքանչիւր տարուան փոշեթաթախ աւազամրրիկը կը ծածկէ կմախքներն ու մնացորդացը մեր նախնիներու տառապակոծ աճիւններուն: Կամ ալ, ձեր ծրագիրը այն էր, որ անոնց ոտքերը կը խրուին արեւահար աւազներու ջերմապինդ փափկութեան մէջ, եւ կ՛արգիլուին շարունակել իրենց քայլարշաւը, ցանկալի ովասիսին հասնելու համար:
Չէ՜, դուք այնպէս կ՛ենթադրէիք, թէ բռնազբօս մեկնաբանութեան ստապատիր շպարատուփի բազմագոյն ներկերով կարելի կ՛ըլլայ խծբծել պատմութեան այդ ամօթալի էջերը, ծածկելու համար հայու բոսոր արեան անարատ որդան կարմիրը: Նոյն նպատակով ընթացք առած էիք, անցեալը շուտով մոռացութեան տալու եւ անջրպետի խաւարածին մթութեան մէջ թաղելու եւ արեւու լոյսէն հեռացնելու այդ ամէնը: Սակայն ո՞վ կրնայ ուրանալ արեւուն գոյութիւնը, որուն լոյսը քերելով կը բանայ ամէն կոպ, որ կը յանդգնի փակել իր մորթեայ թաղանթը անոր բոցահոս ճառագայթներուն դիմաց:
Դուք չիմացաք, թէ ցաւի մեղմացումը ժամանակի ընթացքին կ՛իրականանայ ա՛յն ատեն միայն, երբ այդ ցաւը անարդարութեան պտուղ չէ՛, այլ արդարութեան պակասի հետեւանքով առաջ եկած ցաւ է: Ցաւի այս տեսակը հետզհետէ աւելի կը խտանայ, հիւլէի խտութեամբ, ուժանակի նման պայթելով՝ իր բողոքը իբրեւ ցասում թափելու համար անիրաւողին ու անոր համակիրներու գլխուն:
Տէր Զօրի անջրդի ու անմարդաբնակ վայրերուն մէջ, անապատի խանձող արեգակի գծած ուղիով, խորշակահար ոտքերով քալեցին կմախքացած աճիւնները մեր նահատակներուն: Անոնց երթը չդադրեցաւ երբեք, նոյնիսկ իրենց նահատակութենէն: Մենք՝ իբրեւ անոնց յետնորդները, բռնեցինք անոնց ոսկրացած ձեռքերէն, եւ աշխարհի հրապարակներուն վրայ արդարութեան համար աղաղակ բարձրացնելով, անիրաւ աշխարհին դիմաց հանդէսներ կազմակերպեցինք 100 տարիով այնպիսի սերունդ մը, որուն հոգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր: Իսկ հիմա մեր աղերսագին աղաղակին կը միացնենք խիստ պահանջատիրութիւն: Կը պահանջենք մեր նահատակներուն անմեղ արեան գինը, մեր կորսուած հայրենիքին ժառանգութիւնը, մեր վանքերն ու եկեղեցիները, մեր պապենական հողերը եւ կալուածները, մեր գիւղերն ու քաղաքները, վերջապէս՝ մեր նահատակներուն բարոյալքուած արժանապատուութիւնը:
1935 թուականին, երբ հիմը կը դրուի Ապրիլեան մեր նահատակներուն ձօնուած աշխարհի առաջին Յուշարձան-Մատուռին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, երանաշնորհ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան եւ անոր Աթոռակից Բաբգէն Ա. Կիւլեսէրեան կաթողիկոսներու յանձնարարականով, հանճընցի երիտասարդ մը՝ կամաւոր՝ Յարութիւն Յովակիմեան, կ՛ուղարկուի Տէր Զօրի անապատը, մասունքներ հաւաքելու համար մեր նահատակներու անթաղ աճիւններէն:
Սահմռկեցուցիչ տեսարանը ա-նապատի անծայրածիր հորիզոնին վրայ, անմոռանալի դաս պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար: Անոնք՝ մեր նահատակները, հոն են դեռ, իրենց բացօթեայ գերեզմանատան մէջ, նոյնիսկ առանց աւազեայ դեղնաւուն ծածկոցի, ո՛չ ալ իրենց մերկութիւնը ծածկող դոյզն քօղի: Թէպէտ անոնք տարտղնուած են աւազներուն վրայ, բայց չեն մաշած, ցրուած են անապատին մէջ, բայց չեն կորսուած: Աւելին, այսօր, 100 տարի ետք, իրենց նահատակութենէն, ոտքի կանգնած են անոնք կմախքացած մարմիններով ու կը քալեն՝ դէպի արդարութեան լուսափայլ հորիզոնը: Տանջուած ու յուսաբեկ անոնց հոգիներուն նոր շունչ եկած է, տեսնելով իրենց ազգի զաւակներուն դրսեւորած հաւաքական կամքը, եկեղեցիով եւ պետութեամբ, Հայաստանով եւ Սփիւռքով, առանց խտրութեան, յատկապէս միջազգային մակարդակներու վրայ:
Անոնք կը քալեն դեռ, պահանջատիրական երթով, ոսկրացած մատներով բռունցքներ բարձրացուցած օդին մէջ, եւ վրէժի յախուռն աղաղակներով արդարութի՜ւն կը գոռան: Սրբոց երաժշտութիւն է ասիկա՝ Սրբասացութի՜ւն: Ահա մեր եկեղեցին հաւաքական սրբադասման արժանացուց մեր Ապրիլեան Նահատակները: Անոնց վկայաբանութիւնը բոլոր ժամանակներուն ապրող հայերուն եւ օտարներուն համար պիտի մնայ օրինակելի, եւ հաւատքի ու ազգութեան նուիրեալ գաղափարապաշտներու համար՝ ներշնչման աղբիւր: Սուրբերը ամէն բանէ առաջ ու վեր՝ եղած են քաջեր, որոնք կեանքի ահեղագոյն փորձութիւնները արհամարհած են եւ ապա՝ նուաճած փառաց պսակը:
Ուխտէ՛, ուխտաւո՛ր հայ ժողովուրդ, որ պիտի չյոգնիս 100րդ քայլարշաւէն ետք: Ուխտէ՛, որ պիտի չթողուս, որ լերդանայ նահատակներուդ արիւնը անապատի տապահար խորշոմներով ծածկուած գունատ մարգագետնին վրայ, մինչեւ որ անոր գինը վճարէ ցեղասպանը, բարձր արժէքով:
Ուխտէ՛, հա՛յ երիտասարդութիւն, որ նահատակներուդ հանդէպ անսակարկ յարգանքդ պիտի գերադասես ամէն հաճոյքէ: Ուխտէ՛, որ կամքդ պիտի չթուլնայ երբեք, մինչեւ հասնիս երազի հայրենիքդ:
Ուխտէ՛, հա՛յ մտաւորական, որ գրիչդ միշտ կարմիրի մէջ պիտի թաթխես, գալիք սերունդներուն կտակելով վառ ապրումները ցեղիդ ողջակիզման: Ուխտէ՛, որ մեր նահատակ գրագէտներուն գրել չկրցած գիրքերուն հեղինակը պիտի դառնաս, անոնց արեան կանչը հաղորդելով գրականութեանդ միջոցաւ:
Ուխտէ՛, հայ մարդ, որ հոգիիդ, սրտիդ եւ միտքիդ քարետախտակին վրայ անջնջելի պիտի մնայ դրոշմը հայութեանդ, ազգութեանդ, քրիստոնէութեանդ եւ հայրենիքիդ…