
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Օ՛հ, անկենդան անապատ, փշածաղիկ անգամ չկայ.
Անծայրածիր, օդազուրկ, անաւերակ, աներակ:
Աւազները փափուկ-փափուկ, կարծր են միայն
ձեռքիդ հանգչող բեկոր-բեկոր ոսկորները.
դեղնաթոր վկայ սպանդի, սեւ յուշակոթող,
Մորենի կարմիր: Անկէ՛զ մորենի:
Ամէն կողմ վախճան չի կրնար ըլլալ,
փրկութեան կողմը ո՛րն է:
Հետս բերի ողջակիզուած աղջիկներուն ճիչերը
ծնած օրէս՝ կ՛այրէին թուղթէ տրցակներու նման.
Անարեւ արեւը բոցի փէշեր փռած է հոս
Խեղդած է խելագարած շուքերուն վերջին շունչը:
Պատառոտուած մահուան պահեր- աս որքա՛ն լուսանկար
Աչքերը բաց քաղաքներ, կեանքի կնիքը՝ փակուած.
Յուշալիրին ապակեդարաններու մէջ ապրող աճիւններ
կը համբուրեն քեզ, կը ցաւին որ այցելեցիր,
Իրար փակած աչքերու հոյլ՝ գիշերները
վախուորած որբերու:
փրկութիւնը՝
խունկէ վերադարձն է զմրուխտ ուխտին:
Վճիտ կապոյտ Եփրատի եզրին ե՞րբ փոխեց գոյնը –
Սոնիան, Րաֆֆին ու ես սուրճ կը խմենք:
Կամրջակէն՝ պատանիներ գետ կը նետուին
ուրախ-զուարթ կը լողան:
Մենք անդադար կը խօսինք որովհետեւ կը վախնանք
մեզ պաշարած ուրուականներէն,
անոնց բիւրեղեայ թարթիչներէն.
ձկնափուշերու անցեալէն պնակներուն մէջ փռուած:
Պատմութիւնը կաղն ի կաղ դուրս ելած է այս գեհենէն
շտկած է կռնակը, Կանթեղը բռնած՝ աշխարհ շրջելով
իր համայնական կեանքը կը պահանջէ:
Վերապրողները գտած են փրկութեան ճամբան
քալած են ճահիճներու եւ ծիածաններու ընդմէջէն:
Բարձրացած են աստիճանէն անդունդի մէջ
խարսխուած:
Մենք հին բառերը մոռցած չենք,
Նոր բառեր գրկած
կը բարձրանանք միեւնոյն աստիճանէն
կը բարձրանանք, անվերջօրէն,
որովհետեւ կը հաւատանք որ սերած ենք
աստղերէն, աստղերէ՜ն:
ԴՈՒՌԵՐ
Առաջինը խոհանոցին դուռն էր, փայտերը քով-քովի
կայնած էին,
վերի մասէն ամրացուած՝ խաղաղօրէն կ՛ապրէին.
կղպանք-մղպանք չունէին:
Դեռ մութնուլուսին՝ դրան միայն երկու արանքներէն
բարակ շեղբի պէս կը սողոսկէր լոյսը, որ կը հասկցնէր
թէ այդ պահուն նէնէն խոհանոցը նախաճաշ
կը պատրաստէր.
զաաթարով հաց, կարագ-անուշ եւ լէպնի, խնկալի թէյ
ու կուշտ կաթ:
Թզուկ լուացարանին առջեւ կարգի կը շարուէինք
մեր երեսը լուալու,
յետոյ խոհանոցին խոշոր սեղանին առջեւ կը թառէինք
մենք՝ հինգ ճնճղուկներս «ճունճուղուկ» կ՛ըսէր մեծմաման:
Երբ նարինջին կարգը գար՝ վախով-դողով կը կեղուէի
Չըլլա՜յ թէ կարմիր արեան նման շերտեր յայտնուէին,
«Վախնալիք չէ» կ՝ըսէր նէնէն, բայց ես չէի համոզուեր:
Երկրորդը փայտանոցին դուռն էր, գորշ, մեկուսի
սենեակ մը որ ծուխ ու մոխիր կը բուրէր:
Այդ մէկը կղպանք ունէր:
Հսկայ տրցակներով թերթեր երկրէ երկիր ճամբորդած
այս հանգրուանը հասած՝ հանգի՞ստ էին, յայտնի չէր.
Յոգնա՜ծ-խոնջած կ՝երեւային:
Աշխոյժը մայր հաւն էր որ սուսուփուս քսանմէկ օր
կիսամութին թուխս նստեր էր.
Ուրբաթը Շաբաթ չեղած՝ ճուտիկները իրենց պատեանները
ճաքեցնելով
կը մտնէին աշխարհ, քիչ մը շուարած եւ շատ ողորմելի:
Նէնէն ափերուն մէջ մէկ-մէկ կը գգուէր
Կարծես Թալասէն բերած իր յիշատակներու շառաւիղն էին:
Երրորդ դուռ մըն ալ կար: Հիմա չկա՛յ:
ԱՄՆ
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Աշխէն Փիլաւճեան
Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան եւ Ընտանիք
Manas & Donalee Boujikian
————————————————————————————————————————-