ԵՐԵՒԱՆ.– Բջիջային հեռախօսներու լուսանկարներու խմբագրիչ PicsArt յաւելուածը, որ մշակուած է հայաստանեան մասնագէտներուն կողմէ, 15 միլիոն տոլարի նոր ֆինանսաւորում պիտի ստանայ։ Այս մասին կը գրէ fortune.com-ը:
Փետրուարի սկիզբը PicsArt ամերիկեան Sequoia Capital ընկերութեան կողմէ 10 միլիոն տոլար ֆինանսաւորում ստացած է։
Յաւելուածը հիմնուած է հայկական «Սորսիօ» ընկերութեան հիմնադիր Յովհաննէս Աւոյեանի կողմէ, 2011 թուականին, Քալիֆորնիոյ մէջ։
Յաւելուածի ներբեռնումներուն թիւը ներկայիս կը հասնի 200 միլիոնի, իսկ ամսական աշխոյժ օգտատէրերուն թիւը 60 միլիոն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.