ՎԵԴԻ, «Արմէնփրէս».– Արարատի մարզի Վեդի քաղաքի այգիին մէջ 21 Ապրիլին տեղի ունեցաւ ծառատնկում, որով ազդարարուեցաւ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետեւանքով Արարատի մարզի անյայտ կորած անձանց յիշատակին նուիրուած պուրակի» հիմնումը: Այգին, որ ստեղծուած է 1967 թուականին, կը պարփակէ Եղեռնի զոհերու, Հայրենական Մեծ պատերազմի հերոսներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողները, ԵԿՄ անդամներու ու 1988 թուականի 7 Դեկտեմբերի երկրաշարժի զոհերու յուշաքարերը: Այդ չորս յուշակոթողներուն կողքին այգիին մէջ աւելցած է անհետ կորսուած 20 անձերու մայրերուն ու կիներուն տնկած 20 անուանական սոճիները:
Ներկայ էին Վեդիի քաղաքապետարանի աշխատակիցները, Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները, այդ կառոյցներու մարզային ներկայացուցիչները, քաղաքի աւագ, գեղարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներու աշակերտներն ու ուսուցիչները, անհետ կորսուածներու ընտանիքի անդամները, հիւրեր:
Ծառատնկումէն առաջ Յուսիկ քահանայ Նուրիջանեան կատարեց Տէրունական աղօթքը՝ նշելով, որ միշտ պէտք է յիշել ու գնահատել բոլոր անոնք, որոնք տարիներ առաջ իրենց կեանքը տուին հայրենիքի անկախացման համար, ոմանք ալ գացին անվերադարձ՝ մինչեւ օրս ոչ մէկ լուր փոխանցելով: Ան մաղթեց, որ ծառի իւրաքանչիւր տերեւի բողբոջի հետ ընտանիքները լուր ունենան իրենց կորսուած հարազատին մասին, իսկ ծառերու ծաղկելուն պէս՝ անոնք ողջ ու առողջ վերադառնան ընտանիքներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արարատի մարզի Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռիտա Մանուկեանը, որ խօսեցաւ պուրակի հիմնադրման նպատակին, հետագային հոն ընտանիքներուն եւ անոնց թոռներուն համար հանգիստի գօտի ստեղծելու, անոնց զգացումներուն եւ ապրումներուն մասին:
«Զոհուած եւ կորած ազատամարտիկների միութեան» Արարատի տարածաշրջանի նախագահ Սեդա Դէմիրճեան իր ամուսնոյն անունով ծառը տնկելէ ետք «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ ինք կը հաւատայ, որ ամուսինը կենդանի է: «Ես մեծ յոյս ունեմ, որ նա մի օր կը վերադառնայ: Այս ծառն ինձ ինչ-որ ձեւով կրկին յոյս տուեց: Սրա մէջ ես ամուսնուս շունչն ու հոգին եմ զգում», ընդգծեց ան:
Ծառատունկէն ետք Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները տեղադրեցին ցուցանակ, ուր նշուած է պուրակի անունն ու հիմնադրութեան թուականը։ Պուրակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը անհետ կորսուած անձերու ընտանիքներունն է: Անիկա իրականութիւն դարձուց Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աջակցութեամբ եւ Վեդիի քաղաքապետարանին հետ համագործակցութեամբ՝ «Սատարում անյայտ կորած անձանց ընտանիքներին» ծրագիրի ծիրին մէջ:
ՀԿԽԸ որոնողական ծառայութեան բաժինի վարիչ Սամուէլ Յունանեան «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին յայտնած է, որ այս ծրագիրը 2011էն ի վեր կը գործադրուի Հայաստանի մէջ, անոր նպատակն է անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն համար կազմակերպել առողջապահական, ընկերային, իրաւաբանական ոլորտի մասնագէտներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններ ու դասընթացքներ: Յունանեան յայտնեց, որ իրենց նպատակն է հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ ստեղծել նման պուրակներ: Նախորդ շաբաթ անհետ կորսուած անձերուն յիշատակին նուիրուած պուրակ ստեղծուած է նաեւ Արմաւիր քաղաքին մէջ, ուր տնկուած է 41 հացենի: Այս օրերուն նման պուրակ պիտի ստեղծուի նաեւ Մասիս քաղաքին մէջ՝ ի յիշատակ 12 ընտանիքներու անհետ կորսուած անձերուն:
Մեկնարկէն մինչեւ օրս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են 47 ընտանիք Սիւնիքէն, հինգ ընտանիք Վայոց Ձորէն, 15 ընտանիք Գեղարքունիքէն, 12 ընտանիք Շիրակէն, 23 ընտանիք Լոռիէն, 41 ընտանիք Արմաւիրէն, 11 ընտանիք Տաւուշէն եւ 32 ընտանիք Արարատի մարզէն: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակին մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան իբրեւ հետեւանքով 4541 անյայտ կորսուած անձերու վերաբերող դիմումներ արձանագրուած են, 400ը՝ Հայաստանի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.