Մարսէյի քաղաքապետ եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Ժան-Քլոտ Կոտեն Նիսի քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզիի, պատգամաւոր Վալերի Պուայէի, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ռընօ Միւզըլէի, իր տեղակալ Տիտիէ Փարաքեանի եւ պաշտօնատար այլ անձերու հետ Ապրիլ 16ի երեկոյեան բացումը կատարեց Մարսէյի քաղաքապետարանի շէնքի ճակատամասին զետեղուած երկու հսկայական պաստառները, որոնք նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Ըստ «Nouvelles d՛Armenie» պարբերականին՝ բացման արարողութեան շուրջ 400 հոգի մասնակցած է: Ժան-Քլոտ Կոտեն իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է ծանր պայքարի մասին, զոր ինք, բազմաթիւ այլ պատգամաւորներու հետ, մղած է 2001 թուականին Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ան նաեւ մատնանշած է Վալերի Պուայէի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն նպատակն է շարունակել պայքարը՝ Սահմանադրութեան համապատասխանող նոր օրէնքի ընդունման հասնելու համար:
Մարսէյի քաղաքապետը նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսիս պապի ելոյթին
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.