Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ: Հանրահաւաքը պիտի կազմակերպուի «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» եւ «Ռուսաստանի հայերի միութիւն» կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին, տեղական ժամով կ.ե. ժամը 3ին, Կորքիի անուան զբօսայգիին մէջ: Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Ռուսիոյ Պետական Տումայի պատգամաւորներ, Հանրային պալատի անդամներ, ռուսական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգային հասարակական միութիւններ: Նշենք, որ Ռուսիոյ Պետական Տուման 1995 Ապրիլ 14ին կատարած յատուկ յայտարարութեամբ դատապարտած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պետական Տումայի յայտարարութեամբ Ապրիլ 24ը Սահմանուած է որպէս Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.