Անցնող օրերուն, Հալէպի զանազան շրջաններուն վրայ ինկած հրթիռներուն պատճառով՝ հալէպահայութիւնը յայտնուեցաւ ծանր իրավիճակներու մէջ: Յատկապէս հայահոծ Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ բնակուած շէնքեր հիմնայատակ կործանեցան, քանդուեցան եւ կիսաքանդ դարձան: Արձանագրուեցան հայ վիրաւորներ:
Կառուցային վնասներ կրող շէնքերու շարքին էր Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը, որ պայմաններուն բերումով առժամապէս փոխադրուած էր Սուլէյմանիէի մէջ գտնուող «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:
Մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններու յաղթահարման օգտակար դառնալու համար, Հալէպի հայկական բոլոր կողմերը ջանք չխնայեցին: Ի գործ դրուեցան յարաբերական աշխատանքներ եւ արտակարգ վիճակի դրութիւն հաստատուեցաւ:
Արտասովոր իրավիճակներու պահանջած պայմաններուն գործեցին եւ կը գործեն հայկական հաստատութիւններն ու միութիւնները: Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը՝ Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան գործադիր մարմինին հետ համատեղ կը շարունակէ հոգալ ժողովուրդին կարիքները եւ անոր անվտանգութեան ապահովման համար հնարաւոր բոլոր միջոցներուն դիմելով:
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը շատ կարճ ժամանակի մէջ վերականգնեց իր աշխատանքային գրասենեակները եւ վերսկսաւ ժողովուրդի ծառայութեան գործերուն «Սիմոն Վրացեան» շէնքի ներքնայարկէն ներս՝ «Գառնի» սրահ:
Մխիթարելով մեր ժողովուրդը եւ ամոքելով անոր վէրքերը պիտի շարունակուին ճիգերը ամէն կերպ եւ ամէն պայմաններու մէջ տէր ու զօրավիգ կանգնելու անոր:
Կը յուսանք, որ հալէպահայութեան դէմ ծառացած այս ահռելի կացութիւնը շուտով կը բարեփոխուի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կրկին կապրին խաղաղ ու անդորր պայմաններու մէջ:
Յիշեցման կարգով կը փոխանցենք, որ օգնութեան կանչով մեր ժողովուրդը կրնայ դիմել հետեւեալ կեդրոններուն, որոնք կը գործեն օրուան բոլոր ժամերուն.
– «Տիգրանեան» ակումբ, Նոր Գիւղ, 021 4646477
«Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, Սուլէյմանիէ, 021 4612450
Բեթէլ եկեղեցի, Թէլէֆոն Հաուայի, 021 4642450
«Արամ Մանուկեան» ժողովրդային Տուն, Վիլլաներ, 021 4641881 4463902
Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Վիլլաներ, 021 46464352 4614510
ՀՄԸՄի պարտէզ, Ազիզիէ, 021 2125696 2125685:
Կը թելադրենք, որ ժողովուրդը զգուշաւորութիւն ցուցաբերէ եւ անհրաժեշտ պարագաներուն, ըստ հնարաւորին, ապահով տեղեր ապաստան գտնէ:
ՍՈՒՐԻՈՅ
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏՆԵՐ,
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հալէպ, 15 Ապրիլ 2015