ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Իւրայատուկ ինքնաշարժներու վաճառատուն մը հանդիսացող «Specialty Car Craft»ի կողմէ կազմակերպուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ինքնաշարժներու տարեկան չորրորդ արշաւը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, իսկ անոր հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։
«100 տարի, 100 ինքնաշարժ, 100,000 տոլարի նպատակ» խորագրուած այս տարուան արշաւը Լոս Անճելըսէն պիտի սկսի ու պիտի աւարտի Մալիպուի մէջ։
Մասնակիցները առաւօտեան ժամը 8ին պիտի հաւաքուին «Specialty Car Craft»ի Լոս Անճելըսի ցուցադրասրահին մէջ (1862 South La Cienega Blvd., Los Angeles, CA, 90034), ուր սեփականատէր Սեւակ Սաղտճեան նախաճաշ պիտի հիւրասիրէ վարորդներուն, իսկ արշաւին մասնակից ինքնաշարժներէն իւրաքանչիւրը պիտի կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշով դրօշակներ։
«Նպատակն է առնուազն 100 ինքնաշարժներու մասնակցութիւն ապահովել, իւրաքանչիւրէն առնուազն 1000 տոլար նուիրատուութեան խոստումով», կը յայտնէ Սեւակ Սաղտճեան։
Այս տարի, կարելի եղած է ապահովել ինքնաշարժներու առեւտուրի մարզին մէջ հռչակ շահած՝ «Ռասնեք» խմբակի համագործակցութիւնը, որուն հանրային յարաբերութեանց հարցերով փոխնախագահ Լիզ Ռասնեք Արիզմենտի կոչ ըրած է այլ ընկերութեանց, որ իրենց կարգին նեցուկ կանգնին այս նախաձեռնութեան։
Հայ Դատի յանձնախումբին կատարուած նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ են։
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել (310) 838-5551 թիւին կամ info@sccbh.com հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.