ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի հայութիւնը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպած է, աjդ նպատակով կազմուած համագաղութային մարմինի մը միջոցաւ։
Լաս Վեկասի Հայ ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան, Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ բողոքական ընկերակցութեան, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, Լաս Վեկասի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի, ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի, Լաս Վեկասի ՀԲԸՄի, «Վարդանի Ասպետներ»ու, Լաս Վեկասի «Թրեքս» եւ Լաս Վեկասի Հայ քրիստոնեայ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO) միացեալ ջանքերով, Ապրիլ 24ին կայանալիք համագաղութային ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկին կողքին, տեղի ունեցած են հետեւեալ ձեռնարկները.
– Փետրուարին, երկու առիթներով արիւնարշաւ կազմակերպուած է վերոնշեալ եկեղեցիներուն մէջ.
– Դարձեալ Փետրուարին, Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Screamers» ֆիլմի ցուցադրութիւնը.
– Մարտին, «Assignment Berlin» ֆիլմը ցուցադրուած է Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ.
– «Քուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Ցեղասպանութիւնը երեխաներու աչքերով» ցուցահանդէսը.
– Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ցուցատախտակ մը տեղադրուած է.
– Ապրիլ 18ին, նոյն համալսարանին մէջ մշակութային ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է.
– Ապրիլ 24ին տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը, «Սանսե»չ զբօսայգիին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 5-11, Ցեղասպանութեան առնչուող հսկայ պաստառներ կրող յատուկ փոխադրակառքեր պիտի պտըտին Լաս Վեկասի հռչակաւոր պողոտային վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.