«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ազգային բարերարը, իր ընտանիքի անունով եւ եղբօր՝ Ուոլթըր Քերեանի յիշատակին ստանձնեց հինգ մասերէ բաղկացած «Ասպարէզ»ի բացառիկի տպագրութեան եւ բաշխման ծախսերը:
Տիկին Քարոլանի նուիրատուութիւնը նաեւ հնարաւոր պիտի դարձնէ, որ բազմացնենք թերթի տպագրութիւնը՝ զայն արդարութեան քայլարշաւին մասնակիցներուն հասցնելու առաջադրանքով:
«Ասպարէզ»ի բացառիկ թիւը նաեւ տրամադրելի պիտի ըլլայ «Ասպարէզ» վաճառող հայկական խանութներուն մէջ՝ անվճառ:
Թերթի բաժանորդները անշուշտ, պիտի ստանան իրենց օրինակը թղթատարի ճամբով:
Խմբագրութիւնս նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ թերթին հաւատարիմ բոլոր հովանաւորներուն, որոնք, ինչպէս անցեալին, այս ամէնէն ծաւալուն բացառիկի հրատարակութեան ընթացքին եւս արտայայտեցին իրենց նիւթական եւ բարոյական նեցուկը: