Ապրիլ 21ի երեկոյեան, Տաւութօղլու այս նպատակով հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Մերքելի հետ, գրած է գերմանական «Die Welt» թերթը, որուն համաձայն, Տաւութօղլու պնդած է, թէ 1915ին տեղի ունեցած հայերու սպանութիւններուն համար «ցեղասպանութիւն» եզրը կիրառելի չէ, քանի որ անիկա միայն Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք սկսած է գործածուելու։
Միւս կողմէ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան մեկնաբանած է Տաւութօղլուի կողմէ կատարուած ցաւակցական ուղերձը։ Ըստ «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ Աթէշեան յայտարարութիւնը ողջունած է: «Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարուան հաղորդագրութիւնը եւս ձիթենիի ճիւղ է, որ պէտք չէ չորնայ», ըսած է Աթէշեան՝ աւելցնելով. «Օսմանցի հայերու ու այդ ժամանակաշրջանին բոլոր մահացողներուն համար պատարագ պիտի մատուցուի, քանի որ մեր ցաւերը ընդհանուր են», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.