ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Աւստրիոյ խորհրդարանը եւս միացաւ այն երկիրներուն, որոնք պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Աւստրիոյ խորհրդարանի գլխաւոր վեց խմբակցութիւնները ընդունեցին յայտարարութիւն մը, որ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ առերեսուելու իր անցեալի սեւ էջերուն հետ։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Աւստրա-Հունգարիան, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից պետութիւն, կը կրէ կատարուածի պատմական պատասխանատուութիւնը եւ այդ պատճառով Աւստրիա պարտաւոր է կատարուածը Ցեղասպանութիւն որակելու եւ դատապարտելու։
Այս որոշումը դատապարտելով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 22ին տուն կանչեց Աւստրիոյ մօտ իր դեսպանը, նշելով որ Աւստրիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած յայտարարութեան մէջ միայն քրիստոնեաներու ապրած ցաւերուն մասին կը խօսուի, իսկ իսլամներու մասին ո՛չ մէկ խօսք կայ։ «Թուրքիոյ համար անընդունելի է 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու որեւէ որոշում եւ Թուրքիա չի կրնար իր վրայ առնել այդ պատասխանատուութիւնը։ Մենք տեղի պիտի չտանք քաղաքական ճնշումներուն», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Մենք, հայերս, թուրքերը խելացի կը կարծէինք, եկուր տես որ անոնց խելացութիւնը իրենց ստելու վարպետութեան մէջ է: Դեսպանները տուն կանչելով իրենք զիրենք կը մեկուսացնեն:
Ըսլամնւէիե մասըն կը խօսին: Իրենք չէի՞ն արաբիոյ իսլամները սպաննողները: Ըրենք չէի՞ն Եմէնի իսլամները սպաննողները: Իրենք չէի՞ն Սուրիոյ և Իրաքի իսլամները սպաննողները: Սուրիացիները Համիտը «Ղասապ Համիտ» որակած էին: Հապա ի՞նչ ըսել Եկիպտոսի և Լիպիոյ իսլամներուն, հայե՞ր կամ քրիստոնեանե՞ր սպաննած էին: Ստախօս, անամօթ թուրք ժողովուրդ: