ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Ապրիլ 22ին, Մոսկուայի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին մասնակիցներուն հասցէագրուած իր պատգամին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գրած է. «Ապրիլ 24, 1915ը տխուր թուական մըն է, որ կապուած է մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենասոսկալի իրադարձութիւններէն մէկուն՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան»։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ հայերու միութեան կողմէ։
Նշենք, որ Փութին պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ին կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին։