
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տերսիմցի հայերու եւ ալաուիներու բարեկամութեան (DERADOST) կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ, հասարակական կազմակերպութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման հաւաքներ կատարած են:
Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն՝ Ապրիլ 24ին հաւաքուելով Տերսիմի Հոզաթ շրջանին մէջ, անոնք յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կոչ ըրած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը:
Ապա, Տերսիմի «Սէյթ Ռզա» հրապարակին մէջ հաւաքուածները ինքնաշարժներու շարասիւնով մեկնած են հայկական ջարդերու վայր մը, որ ներկայիս կը կոչուի Քայըշօղլուի ձոր: Մասնակիցներուն միացած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւորի թեկնածու Ալիճան Օնլուն, Հոզաթի քաղաքապետ Ճալալետտին Փոլաթ, քաղաքական գործիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ:
«DERADOST»ի անունով ունեցած ելոյթին մէջ, Սերքան Սարըաթեշ պատմած է, որ 1915ին թուրքերը հայերուն պարանով կապելով, նետած են այդ ձորը:
«Անոնք հոս ջարդուելով սպաննուեցան: Միաժամանակ հոս 1938ի կոտորածի վայրն էր: Հոս ձորը նետեցին նաեւ տերսիմցիները», նշած է ան:
Մասնակիցները աղօթքներով յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ թրքական պետութեան կոչ եղած է առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ եւ ճանաչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: