Հանդիսութեան ներկայ էին սուրիահայ համայնքապետներ, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան ու սուրիահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Օրուան բեմավարուհին էր Վարդենի Խուտեցեան:
Արաբերէն բացման խօսք ներկայացուց Արտէմ Չիրիշեան, որ անդրադարձաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան մարդկային մշակութային եւ նիւթական վնասներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան հայ բնիկ ժողովուրդին իր պապենական հողերէն տեղահան ընելու իրողութեան:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդուհի Պարտաքճեան:
Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, յաջորդաբար երգելով «Կիլիկիա», «Ոգերգ Նահատակաց» եւ «Տէր Ողորմեա»: Ապա Զանի Նազարեան, Գէորգ Շահինեան եւ Նայիրի Օհանեան ասմունքեցին «Ձօն՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին»:
Օրուան բանախօս տոքթ. Ժոզէֆ Օհանեան իրերայաջորդ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործող թրքացման հետեւողական ճիգերը, ինչպէս նաեւ նահատակներու սրբադասումը: Բանախօսը երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ խորհրդարանին եւ սրբազան պապին, իրենց ունեցած մարդկային քաջավայել կեցուածքին համար: Ապա ընդգծեց հալէպահայ կազմակերպութիւններու համերաշխ գործունէութիւնը, որ նախանձելի է շատերու համար:
Օհանեան, եզրակացնելով ըսաւ, որ մեր պարտքն է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ մինչեւ օրս այն ինչ, որ չենք կատարած լաւապէս ծրագրել, ապա իրագործել:
Բանախօսութենէն ետք Արմանի-Հերա Սելիմեան մեներգեց «Հայոց աշխարհ»ը եւ առաջին անգամ հնչող «Անմոռուկ» երգը, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի, սաքս՝ Գէորգ Մանուկեանի: Նշենք, թէ «Անմոռուկ» երգի խօսքերու հեղինակն է Մարգարիտ Շամլեան, իսկ երաժշտութիւնն ու մշակումը՝ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի:
Խօսք առաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան:
Հայ երեք հոգեւոր պետերու անունով խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ օրուան խորհուրդը կեդրոնացուց «Յաղթանակ» վերնագիրին տակ:
Սրբազան հայրը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին սրբադասուած նահատակներուն համար ըսաւ. «Նահատակները ապրող էակներ են»:
Տեղին է նշել, որ տօնակատարութեան ընթացքին սրահի մուտքին սկաուտներու շարք մը պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ընդունէր հիւրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.