Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Չոլաքեաններու դիմագրաւած վտանգներուն, որոնց հետեւանքով Գրիգոր պարտադրուած է փակել Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող իր փոքր ճաշարանը եւ եկամուտ ապահովելու համար, Վարդուհի սկսած է իր տան մէջ երշիկ եւ ապուխտ (պասթրմա) պատրաստելու։
Պատերազմական վիճակին մէջ երկու տարի ապրելէ ետք, Չոլաքեանները 1977ին Հոլիվուտ հաստատուած են, հազարաւոր հայորդիներու նման։
Այստեղ յօդուածագիրը փակագիծ մը կը բանայ, խօսելով դէպի Հարաւային Քալիֆորնիա հայութեան գաղթի մասին, մէջբերումներ կատարելով փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէլեանէն, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանէն, Օշին Քէշիշեանէն եւ փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեանէն, հայութեան թիւի աճին մասին տուեալներ տալով ու նկարագրելով գաղթի յաջորդական ալիքներն ու դրդապատճառները։
Ըստ այդ տուեալներուն, 218,451 բնակչութիւն ունեցող Կլենտէյլի հայերուն թիւը 72,098ի բարձրացած է 2013ին, 1990ին՝ 31,402ի ու 2000ին՝ 53,840ի։ Լոս Անճելըսի հայերուն թիւը 2013ին բարձրացած է 79,710ի (4.2 միլիոն ընդհանուր բնակչութեան մէջ), 1990ին՝ 48,749ի ու 2000ին՝ 64,997ի։ Այդ թիւերը յաջորդաբար 13,846, 8312 եւ 2780 են Պըրպենքի պարագային, որուն ընդհանուր բնակչութեան թիւը 123,899ի հասած է 2013ին։
Վերադառնալով Չոլաքեաններու պատմութեան, յօդուածագիրը կը նկարագրէ Հոլիվուտի մէջ անոնց կեանքին նախնական եւ դժուար տարիները, երբ Վարդուհի շաբաթական մօտաւորապէս 200 փաունտ երշիկ եւ ապուխտ արտադրելով ու ծախելով իր ամուսնոյն հետ, մինչեւ 1980ականներու սկիզբը, երբ Գրիգոր, կը նկատէ հայերու յատուկ հաւաքոյթներու վայրի մը կարիքը։ Անկէ մեկնելով, ամոլը 1984ին բացած է Ամերիկայի մէջ իր անդրանիկ ճաշարանը՝ Հոլիվուտի մէջ, իսկ 14 տարի ետք երկրորդ «Քարուսէլ»ը՝ այս անգամ Կլենտէյլի մէջ, որ դարձած է քաղաքին ամենայայտնի ճաշարաններէն մէկը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.