ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Ապրիլին ներկայ գտնուած է երկրի հարաւային թեւին մէջ տեղակայուած զօրավարժարաններէն մէկուն մէջ կայացող հանրապետական զօրավարժութիւններուն՝ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատած է հակաօդային պաշտպանութիւնը բանակաշինութեան գործունէութեան մէջ՝ ընդգծելով, որ «հանրապետութեան օդային տարածքը յուսալիօրէն վերահսկւում է մեր զինուած ուժերի կողմից»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.