ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ուղարկուած է յանձնաժողովներուն՝ յետագայ քննարկման համար:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը կը փոխանցէ, որ յանձնաժողովներուն կողմէ քննարկուելէ ետք, բանաձեւը պիտի դրուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ, որ մինչեւ ամառնային արձակուրդը կրնայ հաստատել զայն:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24ին, խորհրդարանի նիստը սկսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին որոշման քննարկումով: Բանաձեւի նախագիծեր ներկայացուցած էին թէ՛ իշխող կուսակցութիւնները եւ թէ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչները: Քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ ունեցած են բոլոր այդ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ իրենց ելոյթներուն մէջ օգտագործած են «ցեղասպանութիւն» բառը:
Սակայն, իշխող կուսակցութիւններու բանաձեւի նախագիծին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը կը յիշատակուի միայն հպանցիկ եւ կը բացակայի վերնագիրէն: Փոքրամասնութիւն կազմող Ձախերու եւ Կանաչներու բանաձեւի նախագիծին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը աւելի յստակ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.