ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը 30 Ապրիլի իր նիստին համաձայնութիւն տուած է Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնութեան:
Նիստին ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան յայտնած է, որ համաձայնութեամբ նախատեսուած է Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի ստեղծում՝ նախագահութեամբ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն ու հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրային ներկայացուցչութեան աշխատակազմին:
Խորհուրդին առաջադրանքը պիտի ըլլայ փոխադարձ առետուրի եւ ներդրումներու զարգացման համար կարելիութիւններու ստեղծումն ու ծիրի ընդլայնումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.