ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին դիմելով՝ դատ բացաւ ետ պահանջելու համար կաթողիկոսութեան կալուածներուն մէկ մասը, որոնք յափշտակուած էին 1915ին։
«Հիւրրիյէթ» թերթը Ապրիլ 30ին արձագանգ կը հանդիսանայ այս դատին ու իր խորագիրին մէջ իսկ կը նշէ, որ հայերը սկսան հատուցման դատեր բանալու Թուրքիոյ դէմ։
Թերթը կը նշէ, որ դատը բացուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող Լիբանանի քաղաքացի Արամ Քէշիշեանի կողմէ, 68 տարեկան։ Ակնարկութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին է։ «Այս դատով հայկական կողմը կը պահանջէ, որ Թուրքիա առնուազն 100 միլիոն լիրա հատուցում վճարէ Ատանայի Գոզան գաւառակի Այա Սոֆիա վանքին համար, որ հայերու կողմէ 700 տարի շարունակ գործածուած էր որպէս կրօնական կեդրոն եւ զոր հայերը ստիպուեցան լքել 1915ի պատահարներուն հետեւանքով», գրած է թերթը, նշելով, որ դատը յանձնուած է փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ, որ 2010ին Հէյպէլիի Յունաց որբանոցի մասին դատ բացած ու որբանոցին յոյն համայնքին վերադարձուիլը ապահոված էր։
Սոֆուօղլու, դիմումնագիրը դատարան յանձնելէ ետք «Հիւրրիյէ»չ թերթին ըսած է, որ հայերը Կիլիկիա կը կոչեն այսօրուան Ատանան, Մարաշն ու մերձակայ շրջանները եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ իրաւական տեսակէտէ, օսմանցիներու մօտ ներկայացուցած է հայ ժողովուրդը։ «Օսմանեան պետութիւնը 1918ին եւս պաշտօնապէս հաստատած է, որ վանքին սեփականատէրը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, բայց հանրապետութեան շրջանի օրէնքները ու այդ վայրերէն հեռացած հայերուն վերադառնալու դէմ արգելքը պատճառ դարձան, որ հայերը չկարենան տէր կանգնիլ իրենց կալուածներուն։ Այնուհանդերձ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մնալ այս կալուածներուն իրաւատէրը», ըսած է ան։
Սոֆուօղլու ըսած է, որ այս ուղղութեամբ աղերսագիր մը տրուած է Գոզանի կալուածներու արձանագրութեան գրասենեակին, բայց հակառակ անոր, որ այս մասին արձանագրութիւնները բոլորին բաց պէտք է ըլլան, գրասենեակը մերժած է իրենց դիմումը։ «Կը նշանակէ, որ իրաւական ներքին ճամբաները փակ են ու այս պատճառով դիմած ենք Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեան», եզրակացուցած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.