Ներքին ցանցի փոխանակումներու ճամբուն վրայ պատահած վրիպումի մը պատճառաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած մեր յատուկ թիւին մէջ, սոյն յօդուածէն միայն մաս մը լոյս տեսաւ։ Ստորեւ կը հրատարակենք ամբողջ յօդուածը.
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անցնող օրերուն, Հայկական Հարցի պայքարի ճամբուն վրայ, մենք արձանագրեցինք դրական կէտեր: Այսպէս, Հայաստանի ի նպաստ քարոզչութիւն՝ Քարտաշեաններու Հայաստան այցելութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը, Վատիկանեան «ռումբը», Աւստրիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, Քանատայի կառավարութեան կողմէ ճանաչման վերահաստատումը՝ նախարար Ճէյսըն Քենիի կողմէ, Գերմանիոյ կողմէ կեցուածքի փոփոխութեան նախանշաններ եւ այլն:
Ամերիկահայութեան համար, հասկնալիօրէն, զայրոյթ յառաջացնող էր Սպիտակ տունէն կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ նախագահ Օպամա այս անգամ եւս «Ցեղասպանութիւն» բառը պիտի չգործածէ Ապրիլ 24եան իր ամէնամեայ պատգամին մէջ: Շատեր հաւանաբար յուսախաբ ալ եղան: Այս յօդուածագիրին համար յուսախաբութիւնը անհասկնալի է, որովհետեւ քաղաքական պայքարի դաշտ նետուած որեւէ ժողովուրդ պէտք է պատրաստ ըլլայ ոչ միայն դրական լիցքերու, այլ նաեւ՝ ժխտական երեւոյթներու: Ո՛չ պիտի գինովնանք արձանագրուած յաջողութիւններով, ոչ ալ պիտի խեղճանանք նորանոր պատնէշներու դիմաց:
Փաստը այն է, որ հայկական արդար իրաւունքներուն տիրանալու մեր պայքար-պատերազմին մէջ, այսօր մենք կը գտնուինք նպաստաւոր դիրքերու վրայ, քաղաքական եւ քարոզչական զոյգ իմաստներով:
Ճիշդ է, թրքական հակազդեցութիւնը կայ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծի բախումներու ձեւով, Հալէպի հայախիտ թաղամասերու ռմբակոծումի ճամբով (այս մասին կասկած չունենանք), Չաւուշօղլուի Ուաշինկթըն այցելութեամբ, Կալիփոլիի նախաձեռնութեան բեմականացմամբ, կամ երեւելի ու աներեւոյթ այլ ճնշումներու ճամբով: Բայց այս բոլորը մեզի համար ակնկալելի են. անակնկալ չեն:
Հետեւաբար, հարիւրամեակի այս օրերուն, երբ հայութիւնը անգամ մը եւս յստակացուց ամբողջ աշխարհին, թէ ինք կը մնայ տէրը իր իրաւունքներուն ու պիտի շարունակէ պայքարը այս ուղղութեամբ, երբ պաշտօնական Երեւանը յայտարարեց, թէ այս հարցը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, սա կը նշանակէ, որ տարածաշրջանային (ինչու չէ նաեւ միջազգային) քաղաքական բեմին վրայ նոր ազդակ մը, նոր տուեալ մը երեւան եկած է: Տուեալ մը, որ տարբեր տարողութիւն կու տայ շատ շատերու քաղաքական հաշուարկներուն: Այս տուեալը Հայկական Հարցն է: Այնպէս որ, Չարենցի բառերով՝ «Հիմի չինը հինը չի»:
Ներկայ պահու դրութեամբ, հայկական բանակավայրէն ներս, ամէն մարդ ռազմաճակատի այս կամ այն խրամատին մէջն է: Այսինքն, Ուաշինկթընի քոնկրեսական շրջանակներէն ներս, թէ հայահոծ քաղաքներու պողոտաներուն վրայ պահանջատիրական ցոյցերուն ընթացքին, համալսարաններու գիտաժողովներու մէջ, թէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, զանազան երկիրներու խորհրդարաններու քուլիսներուն մէջ, թէ ատոնց բեմերուն վրայ, հայ կամ օտար հեռատեսիլային ու ձայնասփիւռային կայաններու տաղաւարներէն ներս, թէ թերթերու խմբագրատուներու մէջ: Առաւել, ամէնէն կարեւորը, Երեւանը այս օրերուն դարձած է Հայկական հարցով շահագրգիռ ԲՈԼՈՐ կողմերուն ուշադրութեան կիզակէտը, որովհետեւ հայկական պետականութիւնը, խաղին ընդունուած կանոններուն համաձայն, ինքն է այս պայքարին «գերագոյն հրամանատարը», սպայակոյտը, եթէ կ՛ուզէք:
Այս յօդուածագիրին կարծիքով, Հայկական Հարցի նորագոյն հոլովոյթին մէջ, պայքարի նոր էջ մը սկսած է: Հետեւաբար, Ապրիլ 24էն ետք «տուն երթալ» չկայ, արձակուրդ չկայ (բոլոր «արձակուրդները», ջնջուած պէտք է համարել), դադար չկայ, որովհետեւ զինադուլ չկայ, այնքան ատեն, որ հայութեան արդար իրաւունքները վերականգնուած չեն: Մենք ռազմապաշտ չենք. պատերազմի սիրահար չենք. հակառակին մասին պնդումները աղբանոց նետուելու արժանի են: Միաժամանակ, չենք ուզեր, որ մեր իրաւունքները ոտքի կոխան դառնան:
Մեր երթը կը շարունակուի Զարդարեանի բառերով՝ «աւելի՛ ուժով, աւելի՛ կատաղօրէն»:
vproodian@gmail.com
Ճիշտ է պարոն Բրուտեանի մօտեցումը:
Ես չեմ ընդունում միայն մի հարց: Ճիշտ է, ԱՄՆ-ի նախագահ Օբաման չարտայայտեց «ցեղասպանութիւն» բառ-եզրոյթը, բայց իր ամբողջ խօսքով հաստատեց դա: Անպայման ուշադիր կարդացէք այդ խօսքը: Ես դրական տեղաշարժ եմ նկատում այդ խօսքի եւ անցեալ տարի արտասանած խօսքի միջեւ:
Ընդհանրապէս պիտի կարողանանք գնահատել ամեն մի դրական քայլ ու գործ: Ինձ թւում է, որ չի ուշանայ այն օրը, որ պաշտօնական Վաշինգթոնը՝ հետեւելով իր նահանգների մեծամասնութեան կեցուածքին, կընդունի եղածը, որպէս ցեղասպանութիւն՝ այդ բառ-եզրոյթը արտասանելով: Ու ճիշտ է յօդուածագիրը. դա կը պատահի, ու հայութիւնը ձեռք կը բերի իր իրաւունքները, երբ հայութիւնը չգնայ պայքարի արձակուրդի, երբ Երեւանը դառնայ այս պայքարի գերագոյն հրամատարը: Ու ամեն մարդ մնայ իր խրամատում՝ հայոց պահանջատիրական պայքարին դրական լուծում տալու նպատակով:
Ես դրական եմ մօտենում Օբամայի այս տարուայ խօսքին:
Ռուբինա Օհանեան