ՆՈՐԹՐԻՃ.- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Հիւսիսային Հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ձեռնարկը տեղի ունեցած է Ապրիլ 17ին, Նորթրիճի համալսարանին «Փլազա տէլ Սոլ» սրահին մէջ, համագործակցութեամբ համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՕՄի, ՀԵԴի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Թորոս Քէչէճեան կը յայտնէ, թէ ձեռնարկը իր տեսակին մէջ առաջինն էր շրջանին մէջ, եւ «անիկա առիթ ընծայած է համայնքին ծանօթացնելու մեր երիտասարդութիւնը, մեր մշակոյթը եւ մեր պատմութիւնը», աւելցնելով, թէ ոչ միայն կարելի եղած է սրահը ամբողջութեամբ լեցնել, այլ որոշ թիւով մասնակցիլ փափաքողներ դժբախտաբար չեն կրցած ներս մտնել։
Ձեռնարկի գլխաւոր պատգամը եղած է՝ «Հատուցումի ժամանակն է»։ Դրօշակի արարողութիւնը կատարուած է ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ, իսկ բարի գալստեան խօսք արտասանած է համալսարանի տնօրէն դոկտ. Տայէն Հերիսըն։ Ողջոյնի խօսք արտասանած են նաեւ ՀԵԴի «Արցախ» ուխտի ներկայացուցիչները, մինչ ուխտի կրտսերները կատարած են ազգային երգեր ու արտասանութիւններ։ Իր պատգամը փոխանցած է նաեւ համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ հաւաքին ներկայ պաշտօնատարները։ Բոլորն ալ շեշտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուման կարեւորութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հրաւիրուած ու ոգեկոչման ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին եղած են՝ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Սքաթ Ուիլք, Մեթ Տըպեպնէ ու Ատրին Նազարեան, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս «Արտի» Քասախեան։
Ոգեկոչման գլխաւոր բանախօսը եղած է դոկտ. Հայկ Օշական, որ շեշտը դրած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած փոփոխութեանց վրայ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց հատուման տեսակէտէն։
Աւարտին, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը ներկայացուցած է քանի մը հայրենասիրական երգեր, իսկ փակման աղօթքը կատարած է Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։