ՄԱՐԻ ՄԵՐԹԽԱՆԵԱՆ
25 Ապրիլ, 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով, Տէրսիմի Խարիկ գիւղին մէջ, խումբ մը հայեր եւ ձախակողմեան շարժումներու ներկայացուցիչներ, ներկայ եղած են Արմենակ Պաքըրճեանի գերեզման-յուշարձանի բացման արարողութեան:
Արմենակ Պաքըրճեան անունը թերեւս քիչերուն ծանօթ է:
Թուրքիոյ մէջ ան ճանչցուած էր որպէս Օրհան Պաքըր, որ Տենիզ Կեզմիշի եւ Մահիր Չայեանի հետ, ձախակողմեան՝ Թիքքօ TIKKՕ (Թուրքիոյ բանուոր-գիւղացիական ազատագրական բանակ) կազմակերպութեան գլխաւոր ղեկավարներէն մէկն էր:
Գաղտնիք չէ, որ բազմաթիւ հայեր, Թուրքիոյ դէմ իրենց պայքարին համար ընտրած էին նման շարժումներ:
Արմենակ Պաքըրճեան ծնած էր Տիգրանակերտ, 1953ին: Ուսանելու համար Կ. Պոլիս եկած եւ Դպրեվանքի գիշերօթիկի աշակերտ եղած էր: Այստեղ մտերմացած էր Հրանդ Տինքի հետ։ Տարեկիցներուն նման, 1960ական թուականներու ձախակողմեան շարժման ընդհանուր զարթօնքէն ազդուած եւ այդ շարժումներուն մաս կազմած էր: Այս տարիներուն ան անունը փոխած էր ազգայնականներէն խուսափելու եւ ձախակողմեան կազմակերպութիւններուն մէջ հանգիստ աշխատելու համար: Նոյն օրը, Հրանդ Տինք եւս անունը փոխած էր՝ Ֆրաթի:
Արմենակ՝ ձախակողմեան պայքարին զուգահեռ, Արեւմտեան Հայաստանի զանազան գիւղերը շրջելով, հայեր փնտռած եւ անոնց մէկ մասն ալ, Կ. Պոլիս բերած էր հայերէն սորվեցնելու համար: Արմենակ եւ իր ընկերները այս գործը գաղտնի տարած են, քաջալերանքովը Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ այդ տարիներու հովիւ՝ տէր Կիրակոսին:
TIKKO-ի գործունէութեան համար ձերբակալուած եւ 1977ին բանտի հիւանդանոցէն փախուստ տուած է: Մինչեւ թրքական բանակին կողմէ սպանութիւնը (13 Մայիս, 1980), Տէրսիմի եւ այլ լեռնային շրջաններու մէջ գործունէութիւնը շարունակած է՝ Ալի Աղա կեղծանունով:
Հրանդ Տինք իր յուշերուն մէջ երկարօրէն պատմած է պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան իր մտերիմ ընկերոջ՝ Արմենակի մասին: