ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Ֆրեզնոյի վարչական շրջանի Կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Անդրէաս Պորխես Արցախի ընտրութիւններուն մասին խօսելով՝ յայտնած է, որ Արցախի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը նկատուին ազատ, թափանցիկ եւ կը համապատասխանեն միջազգային չափորոշիչներուն: Ան Արցախ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի դիտորդական առաքելութեան խումբին հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ կեդրոնին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պորխես յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ դեռ երբեք չէ տեսած, որ ընտրութիւններուն բնակչութեան մասնակցութիւնը մօտենայ 70 տոկոսի:
Անդրադառնալով ընտրութիւններուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ Անդրէաս Պորխես ներկաներուն յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ դաշնակցային երկիր է, եւ անոր քանի մը նահանգները ճանչցած են Արցախը։ «Այդ գործընթացը միանուագ չի կրնար տեղի ունենալ։ Կը կարծեմ, թէ արդէն կը տեսնէք աստիճանական ճանաչումը: Այս ընտրութիւնները կը համապատասխանեն ժողովրդավարութեան չափորոշիչներուն եւ անոնք շատ լաւ հիմք են պետութեան կայացման իմաստով», շեշտած է ան։ Պորխեսի համար զարմանալի չէ, որ ընտրութիւններուն ընթացքին սահմանային վիճակը լարուած է: «Սահմանային լարուածութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ հետագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրկին ընտրութիւններ տեղի ունենան կամ համապետական այլ նախաձեռնութիւններ կայանան, քանի որ ընտրութիւնները պետականութեան արտայայտման յաւելեալ ձեւ են», ըսած է Պորխես:
Պատուիրակութեան մաս կազմող Քարին ՄաքՏանըլտը շեշտած է, որ իրենց համար անընդունելի է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ սեւ ցանկերու առնչուած: «Ես արդէն Ատրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ եմ: Ես երկրորդ անգամ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղ կ՛այցելեմ: Մենք արհեստավարժ հետազօտողներ ենք: Չեմ գիտեր, թէ ինչու Ատրպէյճան կը կարծէ, թէ կրնայ մեզի ըսել, որ ինչպէս պէտք է աշխատինք։ Մենք անաչառ մասնագէտներ ենք, որոնք իրենց աշխատանքը կը կատարեն», շեշտած է ՄաքՏանըլտ։