ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած երեւանեան ձեռնարկներէն վերադառնալու ճանապարհին, այցելեցի Ս. Փեթերսպուրկ՝ մասնակցելու բացման արարողութեան այն ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ներկայացուած մշակոյթի իւրայատուկ նմոյշները ռուս ազգագրագէտները Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկած էին Արեւմտեան Հայաստանէն:
Ահա այդ բացառիկ ցուցահանդէսի անհաւատալի նախապատմութիւնը. 1916 թուականին ռուսական ռազմական արշաւներուն ընթացքին, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն, Ս. Փեթերսպուրկի Ազգագրութեան ռուսական թանգարանը արտօնութիւն խնդրեց Նիքոլայ Բ. ցարէն՝ Վանի շրջան գիտական արշաւախումբ ուղարկելու համար, որպէսզի հաւաքեն հայ մշակոյթի գործերը՝ փրկելով վերահաս կորուստէն: Ցարը անյապաղ տուաւ իր համաձայնութիւնը՝ մակագրելով իր ձեռագիրով. «Հաստատել: Պէտք է շտապել»:
Ազգագրագէտներու փոքր խումբ մը, Ալեքսանտր Միլլերի գլխաւորութեամբ, 1916 Յունիս 10ին, երկարատեւ ու վտանգաւոր ճանապարհորդութենէ ետք հասաւ Վան: Երկու շաբթուան ընթացքին անոնք տեղի բնակիչներէն գնեցին ընդհանուր թիւով 513 առարկայ՝ 396 հայկական, 110 ասորական, 5 քրտական եւ 2 թրքական: Արուեստի գործերուն մէջ էին հայկական ազգային տարազներ, ոսկերչական զարդեր եւ գորգեր՝ Վան, Ալուր, Պիթլիս, Մոկս, Մուշ եւ Շատախ քաղաքներէն եւ շրջակայ գիւղերէն: Իրենց այցելութեան ընթացքին գիտնականները նկարած էին 60 լուսանկար՝ բնապատկերներու, պատմական յուշարձաններու, կառոյցներու եւ որոշ բնակիչներու: Այս բոլոր նիւթերը տեղափոխուած էին Ս. Փեթերսպուրկ՝ ռուսական զինուորականներու պաշտպանութեան ներքոյ:
Քրտնաջանօրէն հաւաքուած այս մշակութային արժէքները, զարմանալիօրէն, հարիւր տարի մնացած էին ռուսական թանգարանի նկուղին մէջ եւ երբեք չէին ցուցադրուած… Կը թուի, թէ բոլորը մոռցած էին անոնց գոյութեան մասին, մինչեւ երկու տարի առաջ, երբ Ս. Փեթերսպուրկի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան իմացաւ այս արուեստի գործերուն մասին եւ տեղեկացուց Հայաստանի իշխանութիւնները, տեղի հայ համայնքի ղեկավարներն ու Հայ ոսկերիչներու միութիւնը:
Շնորհիւ Հայ ոսկերիչներու հիմնարկի եւ Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանի համատեղ հսկայական ջանքերուն՝ այդ ցուցանմոյշները, որոնք մէկ դար շարունակ կը պահուէին թանգարանի պահոցներուն մէջ, անցեալ շաբաթ վերջապէս ցուցադրուեցան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Հայ ոսկերիչներու հիմնարկը եւ ռուսական թանգարանը լոյս ընծայեցին «Արեւմտեան Հայաստանի Մշակութային Գանձերը» խորագիրով տպաւորիչ պատկերագիրք, որ կը ներկայացնէր 1916ին Վանի շրջանէն հաւաքուած արուեստի գործերը՝ մինչեւ Վանի վերագրաւումն ու ցեղասպանական ոչնչացումը թրքական զօրքերուն կողմէ:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2015 Ապրիլ 27ին, Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանին մէջ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Ս. Փեթերսպուրկի նահանգապետի տեղակալ Օլկա Քազանսքայա, Ռուսիոյ ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Քրուսման, Հայ ոսկերիչներու հիմնարկի նախագահ Փիեռ Աքելեան, Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան եւ Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ղեկավար Կարէն Մկրտչեան:
Զարմանալի չէր, որ երբ յայտնի դարձաւ, թէ Ազգագրութեան ռուսական թանգարանին մէջ կը գտնուին արուեստի արժէքաւոր գործեր Վանի շրջանէն, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը կապուեցաւ թանգարանին հետ՝ պնդելով, որ այդ իրերը կը հանդիսանան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սեփականութիւնը, եւ պահանջեց վերադարձնել զանոնք: Թանգարանի տնօրէնութիւնը մերժեց թրքական դիմումը, քանի որ այդ առարկաները գնուած էին անոնց տէրերէն 1916ին:
Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն թուրք դիւանագէտները կը յանդգնին պահանջել հայ արուեստի գործերը՝ անոնց տէրերը սպաննելէ, անոնց տուները այրելէ եւ ունեցուածքը թալանելէ ետք… Կը մնայ միայն յուսալ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ գտնուելով, յառաջ երթայ եւ հայց ներկայացնէ ռուսական թանգարանին դէմ՝ փորձելով պահանջել այդ ցուցանմոյշները: Նման դատ մը յաւելեալ կը հրապարակայնացնէ թրքական պատասխանատուութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայկական մշակութային օճախներու թալանին եւ հայերու նախնիներու հայրենիքը բռնագրաւելուն համար…
Հարիւր տարի անց այլ արշաւախումբ մը պէտք է ուղարկել թրքական թանգարաններ եւ գրադարաններ՝ Ցեղասպանութեան ժամանակ թալանուած հայ մշակոյթի գործերը, ձեռագիրները եւ այլ թանկարժէք իրեր յայտնաբերելու եւ վերականգնելու համար: Հայցեր պէտք է ներկայացուին թրքական բոլոր կառոյցներուն դէմ, ուր կը պահուին նման հայկական արժէքներ:
Եթէ տեղական թրքական դատարանները մերժեն պահանջը, հայերը պէտք է դիմեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան այս վաղակորոյս եւ թանկագին բեկորները վերականգնելու համար: Նման իրաւական ջանքերը փոխհատուցում պահանջելու եւս մէկ միջոց կը հանդիսանան մէկ դար առաջ՝ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, հայ ժողովուրդի կրած վիթխարի կորուստներուն համար…
Պէտք է Ռուսիոյ թանգարանի ուշագրաւ ցուցահանդէսին շրջագայութիւնը կազմակերպել աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ՝ Աթէնք, Պէյրութ, Պերլին, Պոսթըն, Պուէնոս Այրես, Լոնտոն, Լոս Անճելըս, Մոնրթէալ, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Փարիզ, Թեհրան, Թորոնթօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Սան Փաուլօ, Սիտնի, ինչպէս նաեւ՝ Երեւան ու բազմաթիւ այլ քաղաքներ: Աշխարհը թո՛ղ տեսնէ այս փոքր հաւաքածոն, որ մաս կը կազմէ հսկայական մշակութային արժէքաւոր ժառանգութեան, զոր հայ ժողովուրդը կորսնցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, 1.5 միլիոն մարդկային զոհերուն հետ միասին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը