ՕՍԹԸՆ, Թեքսաս.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Մայիս 7ին Թեքսասի նահանգային խորհրդարանի ներկայացուցիչ Տուէյն Պոհաք օրակարգէն հանած է հակահայ այն բանաձեւը (HR2309), որ կոչ կ՛ընէր «յիշատակելու Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած «Սեւ Յունուար»ի իրադարձութիւնները»:
Բանաձեւը, որ բազմաթիւ պատմական անճշդութիւններ կը պարունակէր, Ապրիլին ներկայացուած էր Թեքսասի նահանգային խորհրդարանին: Անիկա ետ քաշուած է՝ շնորհիւ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն, որոնք կրցած են ժամանակին կասեցնել ամերիկացի պաշտօնատարներ մոլորութեան մատնելու ատրպէյճանական լոպիի հերթական այս փորձը, այլապէս՝ անոնք կրնային վաւերացնել պատմական փաստերը խեղաթիւրող բանաձեւ մը:
«Ուրախ ենք, որ Պոհաք արագօրէն արձագանգեց եւ վերցուց բանաձեւը», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեանը, որ քանի մը օր առաջ Տալասի եւ Հիւսթընի Հայ Դատի յանձնախումբերուն անունով, ատրպէյճանական պատմական խեղաթիւրումները բացայայտող նամակ մը յղած էր Թեքսասի նահանգային խորհրդարանի անդամին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.