ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի ապահովական ու փոխադրական մարզերու պատասխանատու մարմինները Մայիս 7ին տեղեկացուցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած եւ Փոքրիկ Հայաստանէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան հասած Արդարութեան Քայլարշաւի մասնակիցներուն պաշտօնական թիւը աւելի քան 160,000 էր՝ նախապէս հաղորդուած 130,000ին փոխարէն, հանդիսանալով քաղաքի պատմութեան մէջ ամենաբազմամարդ քայլարշաւներէն մէկը։
Այս տեղեկութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման նպատակով կազմուած՝ Քալիֆորնիոյ հայութեան հիմնական բոլոր կառոյցներու միացեալ յանձնախումբին փոխանցեց Լոս Անճելըսի փոխադրական մարզի յատուկ գործողութեան պատասխանատու Արամ Սահակեան։
Լոս Անճելըսի ապահովական մարմինները նաեւ դրուատած են քայլարշաւին ընթացքին ցուցաբերուած արտակարգ կարգապահութիւնը։
Յայտնենք, որ Միացեալ յանձնախումբը Մայիս 8ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի գլխաւոր լուրերու բաժինին ամբողջ վերջին էջին վրայ տեղադրուած ծանուցումով մը շնորհակալութիւն յայտնած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին եւ քաղաքապետութեան, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լէօնին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչին, ոստիկանապետ Ճիմ ՄըքՏանըլին, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին, Կլենտէյլի եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետներուն՝ Զարեհ Սինանեանին եւ Ճեք Հաճինեանին, Լոս Անճելըսի ապահովական մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին քայլարշաւի տպաւորիչ յաջողութեան՝ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.