ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Թուրքիա կատարելիք այցը, որ տեղի պիտի ունենար Մայիս 16ին, յետաձգուած է։ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակիցին հետ պիտի նախագահէր երկու երկիրներուն հաստատած Բարձրագոյն ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի տարեկան նիստին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մերժած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրը՝ ներկայ գտնուելու Մոսկուայի մէջ Մայիս 9ին կայանալիք Յաղթանակի տօնի հանդիսութեանց։
Երկկողմանի յարաբերութիւնները վատթարացած են Ապրիլ 24ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման մասնակցելու Փութինի որոշումին հետեւանքով։