Գերմանիոյ Սաքսոնիա Անհալթ դաշնակցային շրջանի մայրաքաղաք Մակտեպուրկի մէջ մեկնարկած են հայկական մշակոյթի օրեր: Այս ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին ժապաւէններ, պիտի իրականացուին զեկոյցներ, ցուցահանդէսներ եւ համերգներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան գերմանացի հանդիսատեսին առաւել մօտէն ծանօթանալու հարաւկովկասեան պետութեան մշակոյթին:
Մայիս 8-Յուլիս 1 պիտի կազմակերպուի շուրջ 20 ձեռնարկ: Մակտեպուրկի մայր տաճարին մէջ հայկական մշակոյթի օրերու բացման մեկնարկը տուաւ Գերմանիոյ Սաքսոնիա Անհալթ դաշնակցային հողամասի մշակոյթի նախարար Շթեֆան Տորկերլոհ: Իսկ Կիրակի օր, PEN գրական ակումբը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպեց յիշատակի երեկոյ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.