ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի անդամներ Գասպար Կարապետեանն ուՊետօ Տէմիրճեանը հանդիպում ունեցած են Լիւքսեմպուրկի Քրիստոնեայ-ընկերվարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Լորան Մոզարի հետ եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբէն յայտնած են, որ հայ ներկայացուցիչները Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին թեր քուէարկած քաղաքական ուժերուն գործողութիւնները բնութագրած են խիզախ եւ արդար քայլ:
Լորան Մոզար շեշտած է, որ Լիւքսեմպուրկի թրքական գաղութէն բազմաթիւ վարկաբեկիչ նամակներ եւ հեռաձայններ ստացած է, սակայն անոնք չեն վախցուցած կամ հիասթափեցուցած, քանի որ «արդարութեան ճամբան միշտ գերակշիռ է քաղաքական այլ հաշիւներէ»։
Ան հետաքրքրուած է Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակով, Արցախի հարցով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստան եւ Արցախ այցելելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.