
Համալսարաններու տարեվերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնները սկսած են: Կը շնորհաւորենք բարձրագոյն կրթութեան տարբեր հանգրուանները նուաճած ուսանողները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոնց, իրենց հետագայ ծրագիրներուն՝ մասնագիտացման կամ աշխատանքի անցնելու ուղղութեամբ:
Ամէն տարի, Ամերիկայի Ա-րեւմտեան ափի համալսարաններէն դուրս կու գան բազմահարիւր շրջանաւարտներ, որոնց հետ մեր համայնքային կառոյցներու շփումը նուազագոյն մակարդակի վրայ է: Ուսանողական միութիւնները՝ իրենք, մերթ կ՛աշխուժանան, մերթ կը խամրին: Շարունակականութիւն չկայ, հետեւողականութիւն չկայ: Ինչ որ կայ, սակայն, իրենց ուսանողներու շնորհքն է, նաեւ շնորհքն է այն երիտասարդական միութիւններուն, որոնց շարքերուն մէջ կազմակերպական կեանքի փորձառութիւն եւ ազգայն դաստիարակութիւն ստացած են գործունեայ համալսարանականները:
Հայկական վարժարաններէն աւարտողները եւս իրենց ներդրումը կը բերեն ուսանողական «շարժում»ին:
Ինչպէ՞ս հաւաքել այս ուժը, ինչպէ՞ս մեր կառոյցներուն մէջ ներգրաւել զանոնք, ներգրաւել աւելի մեծ թիւով, ինչպէ՞ս հաղորդակցիլ անոնց հետ: Այդ հզօր կարողականութիւնը եթէ չկարողանանք բերել մեր իրականութեան մէջ, եթէ մեր կազմակերպութիւններու ղեկին վրայ չհասցնենք անոնց ներկայացուցիչները, ապա դժուար թէ կարենանք մեր կառյցները մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն համեմատ ուժականութեամբ, որակով աշխատցնել:
Շրջանաւարտներուն հետ կարենալ հաղորդակցելու համար, պէտք է նախ անոնց հետ կապ մը գտնենք, երբ տակաւին աշակերտական գրասեղաններու առջեւ են՝ հայկական թէ հանրային վարժարաններու մէջ: Ապա շարունակենք իրենց հետ քայլ պահել քոլեճներու եւ համալսարաններու բակերէն ներս, օգնենք՝ ըստ հնարաւորին: Բարձրագոյն մակարդակով աշխատանքի դաշտ բանանք իրենց առջեւ: Հրապուրիչ մարտահրաւէրներ հրամցնենք իրենց:
Շնորհաւոր եւ կանաչ ճանապարհ բոլոր վկայեալներուն: