ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստան կը գտնուի ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Մոտէ տէ Փէօր-Պուքիքիօ՝ գնահատելու Հայաստանի մէջ երեխաներու վաճառքի, մարմնավաճառութեան եւ պոռնկութեան իրավիճակը: Եօթնօրեայ առաքելութեան ընթացքին մարդու իրաւուքներու փորձագէտը հանդիպած է օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած է Երեւանի, Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ գտնուող երեխաներու խնամքի կեդրոններն ու ապաստարանները: Այցելութիւններուն վերաբերեալ նախնական պատկերը ներկայացնելով՝ ՄԱԿի զեկուցողը յայտնած է, որ ամբողջական զեկոյցը պիտի ներկայացնէ Մարտ 2016ին, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին:
Անոր նպատակն է Հայաստանի մէջ ուսումնասիրել երեխաներուն առնչուող խնդիրները, որոնք շատ են, սակայն մասնագէտը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է քանի մը հատին։
Օրինակ՝ անչափահասներու ամուսնութիւնը, որ յատուկ է մանաւանդ եզիտի համայնքին: Թէեւ օրէնսդրական բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ եզիտիներու օրինական ամուսնութեան տարիքը բարձրացուեցաւ մինչեւ 18 տարեկան, սակայն տակաւին կան բացառութիւններ:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ հայաստանեան իշխանութիւններուն՝ իրազեկութեան արշաւներ կազմակերպել եզիտի համայնքին համար՝ աշխուժօրէն ներգրաւելով համայնքի առաջնորդները, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել անչափահասներու ամուսնութիւնը: Աւելին՝ աղջիկներու եւ տղաներու համար կրթութեան մատչելիութիւնն ու կեանքի հմտութիւնները պէտք է հաւասար ըլլան», նշած է ան։
Յաջորդ խնդիրը, որ նոյնպէս գրաւած է ՄԱԿի յատուկ զեկուցողի ուշադրութիւնը, որդեգրութեան գործըթացն է, որ կրնայ յանգեցնել երեխաներու վաճառքի: Նոյնպէս մտահոգիչ է Երեխաներու սեռային շահագործումը, որ կը կատարուի յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան միջոցով, յայտնած է միջազգային փորձագէտը:
Երեւանի եւ մարզերուն մէջ երեխաներու խնամքի կեդրոններ եւ ապաստարաններ տուած այցելութեան ծիրին մէջ մարդու իրաւուքներու փորձագէտը նկատած է, որ այդ կացարաններուն մէջ երեխաներու թիւի աճը պայմանաւորուած է երկրի ընկերային–տնտեսական իրավիճակով: Վերջին տարիներուն Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վատթար պայմանները պատճառ դարձած են աղքատութեան յաւելման, աշխատանքային գաղթականութեան աճին եւ ընտանեկան շաղախի թուլացման։ «Ես իմ այցելութիւններուս ընթացքին հանդիպած եմ գիշերօթիկ հաստատութիւններու երեխաներուն, որոնք այդտեղ կը գտնուին ոչ թէ որբացման, այլ՝ ծնողներու ընկերային վատ պայմաններուն պատճառով: Այսօրինակ երեխաները կը կազմեն շուրջ 90 տոկոս», ըսած է Մոտէ տէ Փէօր-Պուքիքիօ։
Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ խնդիր են նաեւ ծնողներուն դրդումով իրենց ընտանիքին ապրուստը ապահովելու նպատակով մուրացկանութեամբ եւ մարմնավաճառութեամբ զբաղող երեխաները: Ասիկա եւս առաջնային խնդիր է, հակառակ անոր որ՝ 2005-2008 թուականներուն հետ բաղդատելով, այսօր այդ երեխաներուն թիւը նուազած է ։«Ֆինանսական նպաստներէն բացի կառավարութիւնը պէտք է ստեղծէ նաեւ ընտանիքին սատարող ծառայութիւններ՝ ապահովելով որակեալ կրթութեան մատչելիութիւնն ու կեանքի հմտութիւնները», հաստատած է ան։