Ա. Յ.
Ուրբաթ, Մայիս 7ի երեկոյեան, Մարսէյի Հայ մշակոյթի տան մէջ ուրախութիւնը ունեցանք ունկնդրելու Գրիգոր Պըլտեանը: Ան հրաւիրուած էր ներկայացնելու Շաւարշ Միսաքեանի յուշատետրի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ «Face a l՛innommable Avril 1915», որ լոյս տեսած է Parentheses հրատարակչատունէն: Գիրքին յառաջաբանը գրած է նոյնինքն Գրիգոր Պըլտեան, իսկ գիրքը հայերէնէ թարգմանուած է Արփիկ Միսաքեանի կողմէ:
Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանեց Մշակոյթի տան տնօրէն Կարօ Յովսէփեան՝ ներկայացնելով Գրիգոր Պըլտեանը:
Պըլտեան մանրամասն գիծերու մէջ տուաւ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքը. հալածուած, հետապնդուած, բայց անվհատ կերպով հայ լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած այս եզակի անձին տարած գործունէութիւնը՝ քաղաքէ քաղաք, թերթէ թերթ: Շ. Միսաքեանի վերջին կայքը հանդիսացաւ Փարիզը, ուր 1925ին հիմնեց «Յառաջ»ը: Պըլտեան շեշտեց ի մասնաւորի «Յառաջ»ի 1945 Դեկտեմբեր 9ի թիւը, որ կը կրէր «Genocide» խորագիրը, եւ Շաւարշն էր, որ կ՛ընէր վերծանումը այդ բառին, գրելով՝ Ցեղասպանութիւն:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»