Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Քիարի քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ «Հայաստան՝ քրիստոնէութեան փխրուն բնօրրան» (Armenia, fragile culla della cristianita) խորագիրով միամսեայ ձեռնարկներու շարք՝ իտալական փոքր համայնքներուն, միջնակարգ եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն ծանօթացնելու համար հայոց պատմութիւնը:
Ձեռնարկներու ծիրին մէջ Քիարի հրաւիրուած է գերմանացի լրագրող Արմին Վակների «Ճամբան Առանց Տունդարձի» յուշագրութեան եւ լուսանկարներու հիման վրայ 1995ին Միլանի հնագիտութեան թանգարանին կողմէ կազմակերպուած «Արմին Վակներ եւ Անատոլիոյ Հայերը» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Մայիս 17ին Քիարի քաղաքի քաղաքապետարանի «Ճովաննի Ռեբոսի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը՝ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի հիւպատոս Փիեթրօ Գուչուկեանի, Իտալիոյ թեմի հայոց հոգեւոր հովիւ Թովմա վրդ. Խաչատրեանի, Gariwo կազմակերպութեան համահիմնադիր, գիտութիւններու թեկնածու, հրապարակախօս Աննա Մարիա Սամուէլիի, Քիարիի քաղաքապետ Մասիմօ Վիցարտիի, Քիարիի հոգեւոր թեմի առաջնորդ մոնսենէօր Ռոզարիօ Վերցելեթիի, կազմակերպիչներ տոն Ալպերթօ Պոսքալիայի, Սոնա Արեւշատեանի եւ Նելլի Ասատրեանի ներկայութեամբ:
Բացման արարողութեան ներկայ եղան տեղւոյն եւ Պրեշիա քաղաքի բոլոր լրատուամիջոցներն ու հեռաստեսիլի կայանները, քաղաքապետարանին կողմէ հրաւիրուած բարձրաստիճան հիւրեր եւ քաղաքական գործիչներ: Երեկոն վարեց Քիարիի աւագ դպրոցներու ուսուցիչ փրոֆեսէօր Փաոլօ Ֆեսթա:
«Իմ գործունէութեան հիմնական նպատակն է գտնել այսպէս կոչուած «ճիշդ» մարդիկ, որոնք ջարդի տարիներուն օգնած են հայերուն, փրկած ու պահած են անոնց», իր խօսքին մէջ յայտնեց Փիեթրօ Գուչուկեան՝ աւելցնելով. «Այդ բոլոր մարդոց համար իտալական տարբեր քաղաքներու մէջ ստեղծած ենք այգիներ, տնկած ծառեր, որ իրենց գործը յաւէրժ մնայ: 1995ին՝ 20 տարի առաջ, անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր պատրաստելու այս ցուցահանդէսը, զոր կը տեսնէք ձեր առջեւ. ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ ամբողջ աշխատանքին համար իր մեծ ներդրումը ունեցաւ կինս՝ Աննա Մարիա Սամուէլին եւ ան կրնայ աւելի մանրամասնօրէն պատմել այս ցուցահանդէսի ամբողջ պատմութիւնը»:
Գուչուկեան նաեւ նշեց, թէ կէս տարի առաջ, երբ ինք դեռ Հայաստան կ՛ապրէր, սկսած էին ծրագրաւորել այս ձեռնարկները: «Հպարտ եմ, որ այսօր, այսքան հեռու Հայաստանէն, հնարաւորութիւն ստացած եմ ներկայացնելու այս փոքրիկ իտալական համայնքին իմ երկիրը ու բարձրաձայնել Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ շնորհիւ ցուցահանդէսի մը, որ 20 տարի է, որ կը պտըտի Իտալիոյ բոլոր քաղաքներով, շնորհիւ իմ իտալացի ընկերներուն, ինչպէս օրինակ Ալպերթօ Պոս ալիայի, Փաոլօ Ֆեսթայի եւ այլոց, ինչպէս նաեւ հայր Թովմա Խաչատրեանի, որովհետեւ առանց իրենց ներկայութեան մենք չէինք կրնար իրականացնել զայն», ընդգծած է ան:
Երեկոն վերջ գտաւ Թովմա վրդ. Խաչատրեանի եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայ տոն Ալպերթօ Պոսքալիայի աղօթքի խօսքով. մէջբերուեցան նաեւ Ֆրանսիս պապի Ապրիլ 12ի խօսքն ու Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներէն մէկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.