ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները, մանաւանդ անոնք, որոնք սահման ունին Հայաստանի հետ, երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապին Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ սահմանադուռերուն փակ ըլլալէն։ Սահմանային նահանգները պարտաւոր են թափ տալ սահմանային առեւտուրին, իսկ եթէ սահմանը փակ է, այդպիսի հնարաւորութիւն մը չկայ։ Այս պատճառով, երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու ղեկավարները կողմնակից եղած են Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանադուռներու բացման։
Այս ուղղութեամբ նոր ու հետաքրքրական տեսակէտ մը հրապարակուած է Իգտիրի մէջ գործող Ընկերային յառաջդիմութեան միութեան նախագահ Մուրատ Աքքուշի կողմէ։
Աքքուշ յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ ունի երկու սահմանադուռ։ Մէկը՝ Կարսի արեւելեան դուռն է, որ կը բացուի Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին վրայ, իսկ միւսը՝ Իգտիրի Ալիճան սահմանադուռն է։ «Մենք կը մտածենք, որ այս երկու դուռներն ալ պէտք է բացուին», ըսած է Աքքուշ։
«Ներկայիս, հակառակ անոր, որ դուռները փակ են, Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ առեւտուրը կը կատարուի Վրաստանի վրայով։ Ամէն օր Երեւանէն դէպի Պոլիս փոխադրակառքերու ու օդանաւերու կապեր կան։ Երբ այսպիսի երթեւեկ մը արդէն կայ, ի՞նչ իմաստ ունի սահմանները փակելը։ Ատենօք ես ալ կը մտածէի, որ դուռը պէտք չէ բացուի, որովհետեւ տեսած էի, որ Հայաստանի դրամանիշին վրայ Արարատ լերան պատկերը կայ։ Մինչդեռ հիմա կը մտածեմ, որ ատիկա ի՞նչ վնաս ունի, որքան ատեն որ Արարատ լեռը մերն է։ Աւելի լաւ, ասիկա ծանուցումային արժէք կ՛ունենայ, թող ամբողջ աշխարհ գործածէ Արարատ լերան պատկերը», ըսած է ան։
Աքքուշի կարծիքով, եթէ սահմանները բացուին, երկու երկիրները աւելի յարմար պայմաններու մէջ պիտի կարենան խօսիլ անցեալի «ժխտական պատահարներ»ուն մասին։ «Եթէ պէտք ըլլայ, մենք ալ պէտք է մեր անցեալին հետ առերեսուինք», յայտնած է ան՝ աւելցնելով. «Եթէ դուռը բացուի, ժողովուրդները աւելի կը մօտենան իրարու։ Մաղթելի է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան ժամ առաջ լուծեն Ղարաբաղի հարցը։ Ժողովուրդները իրարու հետ թշնամութիւն չունին, պետութիւններն են, որ կը շարժին իրենց շահերուն համաձայն»։
Աքքուշ ըսած է, որ սահմանային նահանգները միջսահմանային առեւտուրէ ուրիշ ճար չունին։
«Իգտիր միակ նահանգն է, որ երեք երկիրներու հետ դրացի է։ Իրանի հետ ունեցած դուռը փակ է, Հայաստանի հետ ունեցած դուռն ալ փակ է։ Միակ բաց դուռը Նախիջեւանի հետ է, բայց ան ալ այնքան անօգուտ է, որ երանի թէ փակ ըլլար», ըսած է Աքքուշ։
«Առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն կը բարձրանայ նմանօրինակ պահանջի մը ձայնը, բայց Թուրքիոյ իշխանութիւնները ցարդ նկատի առած չեն այդ ձայները։ Իգտիրէն բարձրացող այս ձայնն ալ հաւանաբար պիտի մնայ անարձագանգ», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։