ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանիոյի «Դաշինք 90-Կանաչներ» խմբակցութիւնը Գերմանիա բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկել քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (HDP) ի նպաստ եւ այս նպատակով գերմաներէն, թրքերէն եւ քրտերէն կոչ մը հրապարակած է:
Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքին համաձայն՝ նման յայտարարութիւն մը իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ տեղադրած է Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ, ազգութեամբ թուրք Ճեմ Էօզտեմիր, որ քրտամէտ կուսակցութեան հզօրացումը կը նկատէ քրտական տագնապին արդար լուծում մը գտնելու եւ երկիրը աւելի ժողովրդավար դարձնելու լաւագոյն առիթը:
Նշենք, որ Էօզտեմիր բազմիցս դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ ըրած է ճանչնալու զայն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.