Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, ՍԴՀԿի կեդրոնատեղիի՝ Փարիզի արուարձան Ալֆորվիլի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Յեղափոխական Փարամազ» թրքերէնով հրատարակուած գիրքի ներկայացումը, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿի Հայ եւրոպական խորհուրդին, որուն հիւրն էր Քատիր Աքըն՝ գիրքին հեղինակը:
Կազմակերպիչ միութեան անունով Սարօ Մարտիրեան ներկայացուց հեղինակը: Ան նշեց, թէ ան հիմնադիրներէն է Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ HDP-ի, որ համախմբումն է ձախակողմեան ընկերվար գաղափարախօսութեան տէր քաղաքական ուժերու: Հիմնադիրներէն է նաեւ SKYP կուսակցութեան, որ 2014 Յունիս 15ին, Անգարայի մէջ ոգեկոչեց հնչակեան Քսան կախաղաններու յիշատակը՝ կուսակցութեան ողբացեալ նախագահ Մուսթաֆա Քահիայի գաղափարը: Ան մատնանշեց հեղինակին քաջութիւնը, յիշելով անոր վեց տարի տեւած բանտարկութիւնը Թուրքիոյ մէջ:
Քատիր Աքըն նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Սայիտ Չեթինօղլուի եւ Ռակըփ Զարաքօլուի գրութիւններուն՝ նուիրուած Փարամազի եւ իր ընկերներու պատմութեան՝ յիշելով, թէ Թուրքիոյ մէջ առաջին նահատակ ձախակողմեաններու պատմութիւնը կը հասնի միայն 1972ին, իրեն համար «Թուրքիոյ մէջ ընկերվարութեան շղթային պակաս օղակը Փարամազն ու իր հնչակեան ընկերներն էին»: Գտած էր Օսմանեան Թուրքիոյ ընկերվարութեան ռահվիրաները: Ուստի, կը սկսին գիրքի պատրաստութեան աշխատանքները: Ան կ՛ուսումնասիրէ գրութիւններ, կ՛այցելէ պաշտպանութեան նախարարութեան համացանցային կայքէջը եւ Լիբանան կը մնայ մօտաւորապէս չորս ամիս՝ ուսումնասիրելու համար ՍԴՀԿի արխիւները, տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի հետ: Կը ծանօթանայ Փարամազին եւ անոր ընկերներուն, ինչպէս նաեւ անոնց պատկանած կուսակցութեան, ՍԴՀԿի գաղափարախօսութեան: Ան կ՛ուսումնասիրէ եւ կը ներկայացնէ Փարամազի քարոզչութիւնը, անոր ճառերն ու դատավարութիւնները: Կը վերլուծէ ՍԴՀԿի Զ. եւ Է. համագումարներու որոշումները: Կ՛անդրադառնայ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի Փարիզ կեցութեան ժամանակահատուածին (1902) եւ անոր ունեցած հանդիպումներուն թուրք յառաջդիմականներուն հետ: Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ ՍԴՀԿի մղած գաղտնի «ստորերկրեայ» պայքարը եւ անոր յարաբերութիւնները Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքական ուժերուն հետ:
Հեղինակը արտայայտուեցաւ թրքերէնով եւ Շուշան Գաբքան ապահովեց թարգմանութիւնը:
Գէորգ Սաչլեան շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը այսպիսի գիրքի մը, որ գրուած է թրքերէնով, թուրք հեղինակի մը կողմէ: Եւ անոր այն հարցումին՝ թէ այսօր ի՞նչ մնացած է հնչակեան գաղափարախօսութենէն, հեղինակը հպարտօրէն բացատրեց, թէ HDP-ի ներկայացուցած ընտրական ծրագիրը նոյնանման է ՍԴՀԿի Օսմանեան Սահմանադրութեան ընտրական ծրագիրին:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ գիրքերու մակագրութեամբ եւ ընդունելութեամբ մը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»