ԵՐԵՒԱՆ.– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլքիչ անդրադարձած է Պրազիլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որդեգրուած բանաձեւին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Haberler»ը:
Ըստ անոր՝ «հայկական պնդումներուն» նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիան Ցեղասպանութեան հարցին գծով նոր մօտեցում պիտի ցուցաբերէ՞ արդեօք, եւ Պրազիլէն տուն կանչուած դեսպանը ե՞րբ պիտի վերադառնայ՝ ըսած է. «Մեր ԵՄ նախարարը ո՛չ միայն 1915 թուականի իրադարձութիւններուն, այլ նաեւ այլ գործօններու մասին յայտնեց, սակայն, ընդհանուր առումով, այդ բանաձեւը մեզի համար անընդունելի է: Այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան պնդումներուն հարցին առնչութեամբ քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն պիտի չըլլայ: Այս հարցին գծով ինչ մօտեցում, որ ցուցաբերած ենք միւս երկիրներուն նկատմամբ, պիտի ցուցաբերենք նաեւ Պրազիլի նկատմամբ։ Այդ արտայայտութիւնը առաջին անգամ օգտագործած երկիրներուն մէջ հաւատարմագրուած մեր դեսպանները կանչած էինք խորհրդակցութիւններու, եւ առայժմ անոնք պիտի չվերադառնան իրենց պաշտօններուն»։
Թանժու Պիլքիչ դարձեալ կրկնած է թուրք գործիչներուն՝ «պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու» միտքը: