ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ազգային ժողովը կը քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական զարգացման դրամատան միջեւ 2015 թուականի 14 Ապրիլին ստորագրուած «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի միջանցքի շինարարութեան (4րդ հերթ) նախագիծի ֆինանսաւորման համար Եւրասիական տնտեսական ընկերակցութեան հակաճգնաժամային հիմնադրամի միջոցներէն ներդրումային վարկի տրամադրման մասին» համաձայնագիրը:
Հիմնական զեկուցողն էր Հայաստանի կապի եւ փոխադրութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Առաքելեան, որ յայտնեց, թէ համաձայնագիրով կը նախատեսուի հակաճգնաժամային հիմնադրամի միջոցներէն ներգրաւել 150 միլիոն տոլարի վարկային միջոցներ: Վարկի օգտագործման առաւելագոյն ժամկէտն է 20 տարի, վարկի տոկոսը՝ 1.65 առ հարիւր: Ըստ փոխնախարարին՝ վարկի օգտագործման 5 տարին արտօնեալ է, իսկ վարկի մայր գումարի մարումը կը նախատեսուի կատարել ծրագիրի գործադրութենէն 5 տարի ետք:
Համաձայնագիրով նախատեսուած է ծրագիրի ֆինանսաւորումը հետեւեալ ուղղութիւններով. առաջինը՝ Ագարակէն դէպի Քաջարան 20.5 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբու վերակառուցման աշխատանքներն են, երկրորդը՝ խորհրդատուի ծառայութիւնները, երկրաչափական աշխատանքներու ծառայութիւնները (2 միլիոն տոլար), երրորդը՝ վարկային համաձայնագիրով նախատեսուած են չնախատեսուած ծախսերը՝ 6.850 միլիոն տոլար:
Բացի ատկէ, ըստ Ա. Առաքելեանի, համաձայնագիրով Հայաստան եւս կը ստանձնէ ֆինանսական պարտաւորութիւններ: Մասնաւորապէս, պիտի համաֆինանսաւորուին վարկային ծրագիրի իրականացման ընթացքին ծագած անուղղակի հարկերը՝ շուրջ 30 միլիոն տոլարի չափ, ինչպէս նաեւ հողօտարման գործընթացը՝ 4.5 միլիոն տոլարի չափով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.