ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի նախագահ ընտրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ Ոստանիկ Մարուխեան: Հոգաբարձուներու 31 անդամներէն 19ը համալսարանի նախագահի գաղտնի ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկած է Ոստանիկ Մարուխեանին, իսկ 12 քուէ ստացած է Յովհաննէս Թոքմաջեանը, 1 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուած է: Մարուխեանին առաջին շնորհաւորողը եղած է Յովհաննէս Թոքմաջեանը՝ անոր մաղթելով բեղմնաւոր աշխատանք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.