ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Եզիտիներու պաշտպանական ուժերու հրամանատար Հէյտար Շաշօ 17-20 Յունիսին գործնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր։ Անոր կ՛ընկերակցէին գրող եւ հետազօտող Եոշանք Պրոքա, գիտնականններ, Իրաքի եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Խումբը՝ հրամանատարին ղեկավարութեամբ, այցելութեան առաջին օրը հանդիպում ունեցած է եզիտի քանի մը երիտասարդներու հետ՝ շեշտելով, որ ազգի փրկութեան բանալին ինքնին եզիտիներուն ձեռքն է:
Իրաքէն ժամանած պատուիրակութիւնը 19 Յունիսին Ազգային փոքրամասնութիւններու կազմակերպութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին էին «Շամս» մարդասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, հասարական գործիչ Ռուստամ Բաքոյեան, Սաշիկ Սուլթանեան, լրագրող, հասարակական գործիչ Պորիս Մուրազի, Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեան եւ այլն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Իրաքի, մասնաւորաբար Շանկալի մէջ տիրող վիճակը, գաղթական եզիտիներուն իրավիճակը եւ այլ հարցեր: Ներկայացնելով Իրաքի մէջ տեղի ուենցածը՝ Հէյտար Շաշօ ցաւով յայտնած է, որ այնտեղի եզիտիներուն վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ:
Հանդիպման ներկայ եզիտիները քննարկած են նաեւ, թէ ինչպէս կարելի է ստեղծել ինքնավարութիւն, զինուած ուժեր, քաղաքական ոյժ, որ պիտի կարենայ Իրաքի մէջ պաշտպանել եզիտի ժողովուրդին շահերը:
Վերջիններս միաձայնութեամբ հասած են այն համոզումին, որ պէտք է ստեղծել նաեւ կազմակերպութիւն մը, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող եզիտիները:
«Շամս» կազմակերպութեան նախագահ Ռուստամ Բաքոյեան եզիտիներու պաշտպանական ուժերու հրամանատարին հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ եզիտիներու ինքնապաշտպանութիւնը:
«Ես՝ որպէս եզդի երիտասարդ, կարծում եմ, որ մեր միակ յոյսը մենք ենք, մեր փրկութիւնը մեր ձեռքերում է: Սակայն քաղաքական, հասարակական տարբեր եզդի գործիչներ, հանդիպումներ ունենալով միջազգային տարբեր կառոյցների ներկայացուցիչների հետ, կարեւորում են միջազգային ուժերի դերը եզդիների խնդրի լուծման մէջ, եւ իրենց յոյսը կապում են միայն այդ կառուցների հետ՝ պարբերաբար շնորհակալութիւն յայտնելով գերտէրութիւններին: Նրանք, միաժամանակ, քննադատում են հէնց այդ նոյն գերտէրութիւններին՝ ասելով, թէ եզդիների ցեղասպանութեան հետեւում հէնց նրանք ենք կանգնած», յայտնած է Ռուստամ Բաքոյեան։
Ի պատասխան Բաքոյեանի՝ Շաշօ շեշտած է, որ ամբողջովին համակարծիք է անոր՝ շեշտելով, որ այդ հարցին գծով կարելի չէ երկրորդ կարծիք ունենալ։
«Եզիտիները իրե՛նք պէտք է լուծեն իրենց հարցերը եւ պէտք է պաշտպանեն իրենք զիրենք: Մենք մեր յոյսերը դրած էինք քրտական պեշմերգային վրայ, որ դաւաճանեց մեզ», աւելցուցած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.