
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիահապեր», «Մարմարա».- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի վկայութեամբ, Ատանայի մէջ կը վերակառուցուին Սեւ եկեղեցին եւ Ֆեքէ ամրոցը: Ըստ թերթին՝ վերակառուցման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են:

Ատանայի Սիւլեմիշլի շրջանի թաղամասի թաղապետ Հասան Կեզեր տեղեկացուցած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ եւ աւարտին պիտի հասնին մինչեւ տարեվերջ: Կեզեր նշած է, որ վերջերս տեղացի եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի դէպի եկեղեցի եւ ամրոց: Անոր կարծիքով զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի աճի, եթէ հիւրընկալելու համար համապատասխան կառոյցներ ըլլան:
Ամրոցի վերկանգնողական աշխատանքներով զբաղող հնագէտ Ատեմ Եըլտըզտ կ՛ընդգծէ, որ 1000ականներուն կառուցուած ամրոցին կից գտնուող Սեւ եկեղեցին կապուած եղած է տարածքին մէջ գտնուող 14 այլ եկեղեցիներու հետ: «Կը վերականգնուին նաեւ քանի մը այլ ամրոցներ, որոնք Ֆեքէ ամրոցին հետ ընդհանուր շղթայ կը կազմեն եւ այդ շղթային մէջ Ֆեքէ ամրոցի դերը շատ մեծ է: Այս ամրոցը շատ տպաւորիչ է իր պատմութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Անիկա կառուցուած է անհաւատալի եւ իւրայատուկ ճարտարապետական հնարքներով եւ շատ հետաքրքրական ձեւով վերամշակուած քարերով», նշած է հնագէտը:
Միւս կողմէ, Սասունի եւ մերձակայ շրջաններու հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը, որ տարիներէ վեր կը զբաղի այդ շրջաններուն մէջ հայերէ մնացած եկեղեցական յուշարձանները վերականգնելու եւ նորոգութեան ենթարկելու աշխատանքով, կը հաղորդէ, թէ նորոգութեան որոշում ընդունուեցաւ Սասուն գաւառակի Մեշելի (Գոմք) գիւղի մէջ գտնուող 1500 տարուան Ս. Պետրոս հայոց վանքին եւ շրջապատի հայոց գերեզմանատուներուն համար: Որոշումը ընդունուած է մշակոյթի նախարարութեան Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ բնական գեղեցկութիւններու պաշտպան միութեան շրջանային մարմինին կողմէ: Վանքը, որ 350 սենեակ ունի, պիտի վերանորոգուի եւ պիտի դրուի զբօսաշրջական շահագործման:
Ազիզ Տաղճը կը հաղորդէ, որ նմանօրինակ վանքերու եւ եկեղեցիներու վերականգնումի պայքարը պիտի շարունակէ՝ աւելցնելով, որ բողոքած է կալուածներու տնօրէնութեան կողմէ կատարուած սխալի մը դէմ, քանի որ տնօրէնութիւնը Ս. Պետրոս վանքը ցոյց տուած է Չայըրլը գիւղին մէջ, մինչդեռ, ինչպէս կը վկայեն պատմութեան գիրքերը, այս վանքը կը գտնուի նախապէս Կոնք կոչուած գիւղին մէջ:
