ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յուլիս 16ին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, իրաւապաշտպան Արտակ Զէյնալեան եւ «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամներ Մանէ Թանդիլեան ու Դաւիթ Խաժակեան զրոյց ունեցած են լրագրողներու հետ, Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ)՝ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին վերաբերեալ որոշումին մասին: Յիշեցնենք, որ Յուլիս 7ին ՍԴն հրապարակած էր իր որոշումը՝ Ազգ. ժողովի 33 պատգամաւորներու դիմումներուն վերաբերեալ, ըստ որուն՝ վերոյիշեալ օրէնքի որոշ դրոյթներ հակասահմանադրական նկատուեցան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բաւարարուա՞ծ են այն պահանջները, զորս ներկայացուցած են ԱԺ 33 պատգամաւորները, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան այն անդամներուն, որոնք առ այսօր կը շարունակեն իրենց պայքարը, ապա նշած է, որ երկու տարիէ ի վեր այս խնդիրին վերաբերեալ տարուող հետեւողական աշխատանքները կը շարունակուին, եւ այդ ընթացքը ուսուցողական է թէ՛ հանրութեան, թէ՛ պատգամաւորներուն համար: Մինասեան շարունակած է՝ ըսելով. «ՍԴ այս որոշումը Պիղատոսի քաղաքականութիւնն էր, երբ նա ասաց՝ ես չէ որ պէտք է որոշեմ խաչել, թէ չխաչել Յիսուսին: Ինչո՞ւ եմ այս կտրուկ գնահատականը տալիս, որովհետեւ ՍԴից ակնկալիքն իսկապէս աւելին էր: Գուցէ չհիմնաւորուած լաւատեսութիւն կար ինձ մօտ, բայց կարծում էի, որ ՍԴ հետեւողական կը լինի իր իսկ կողմից կայացրած որոշումը կեանքի կոչելու գործում, սա հոյակապ առիթ կարող էր լինել, երբ հասարակութեան ընդվզող «էներկիա»ն կարող էր օգտագործուել երկրի բարօրութեան աճի համար: Տեսնելով այս որոշումը՝ ես հիասթափութիւն եմ ապրել ոչ միայն իրաւական կարգաւորման նորմերի մեկնաբանման առումով, այլեւ իրանակութեան մէջ, այս որոշումը շատ վատ նախադէպ կարող էր լինել»:
Մինասեան համոզուած է, որ կուտակային համակարգի կիրառումը մինչ այժմ որեւէ դրական արդիւնք չէ տուած մեր տնտեսութեան մէջ: Իսկ Մանէ Թանդիլեան իր կարգին նշած է, որ այսօրուան իրականութիւնն այն է, որ առանց հանրային ճնշումի հնարաւոր չէ յաջողութեան հասնիլ: Անոր համաձայն՝ ՍԴի առաջին որոշումը՝ «արտացոլել է այն պահանջը, որը ներկայացուել է, բայց կառավարութիւնը չիրացրեց այն, իսկ երկրորդ անգամ ՍԴն նահանջ արձանագրեց, եւ ՍԴ որոշումը շատ թոյլ որոշում է: Տարիքային խտրականութեանը գալով՝ ՍԴն ներկայացնում է, թէ դա իրաւական կարգաւորման խնդիր է, ինչը հասկանալի չէ: Գոհ չենք ՍԴ որոշումից, հէնց դրա համար շարունակելու ենք պայքարը միջազգային ատեաններում»:
Դաւիթ Խաժակեանի խօսքով՝ ՍԴն կայացուցած է որոշում մը, որ վտանգաւոր նախադէպ կրնայ հանդիսանալ. խօսքը կը վերաբերի ընթացակարգային նորմերու խախտման, երբ հանրային քննարկում չէ կատարուած: ՍԴն հիմնաւորած է, որ ընթացակարգային նորմերու խախտումը սահմանադրականութեան հետ առնչութիւն չունի, իսկ սա վտանգաւոր նախադէպ է: Ըստ Խաժակեանի՝ ՍԴի որոշումը համակողմանիօրէն չէ անդրադարձած դիմումի բոլոր կէտերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.