ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 Յուլիսին զուիցերիահայ գործարար Վարդան Սերմաքիսի հետ այցելած է Մարտակերտի շրջան եւ ծանօթացած տնտեսական շարք մը մեծ ծրագիրներու ընթացքին։
Թրղի գետին վրայ կառուցուած եւ վերջին օրերուն գործարկուած «Թրղի-3»՝ 5 մէկաուաթ հզօրութեամբ փոքր ջրելեկտրակայանի ընձեռած պայմաններուն ծանօթանալով՝ վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ: «Այս նոր փոքր ՀԷԿը կը համարէի մեր հերթական ձեռքբերումն Արցախի էներգետիկ ինքնաբաւութեան աստիճանը բարձրացնելու ճանապարհին: Ողջունելի է, որ մասնաւոր հատուածը մեծապէս ընդգրկուած է այդ ռազմավարական գործում: Դրա վառ օրինակը Վ. Սերմակիսի նշանակալի մասնակցութիւնն է «Արցախ ՀԷԿ»ում», ըսած է Ա. Յարութիւնեան:
Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ Մատաղիսի մէջ գործող սեւ ձկնկիթի արտադրամաս, որ հիմնուած է զուիցերիահայ գործարարին ներդրումով: Ընկերութեան պատասխանատուները վարչապետին ու սեփականատիրոջ ներկայացուցած են կատարուած աշխատանքը եւ հետագայ ծրագիրները: Ըստ անոնց՝ շաբաթներ առաջ տեղադրուած է առաջին ձկնկիթը, շուրջ 3 տարի անց վաճառքի կը հանուին ձկան, իսկ 5 տարի ետք սեւ ձկնկիթի առաջին արտադրութիւնները:
«Կառավարութեան ուշադրութիւնը սեւեռուած է առաջնահերթօրէն սահմանամերձ բնակավայրերի զարգացման վրայ: Դրա ապացոյցներից մէկն այս յաւակնոտ ծրագիրն է, որը ոչ միայն ապահովելու է բազմաթիւ աշխատատեղեր յատկապէս շրջակայ գիւղերի բնակիչների համար, այլ նաեւ դառնալու է Արցախի տնտեսութեան շարժիչ ծրագրերից մէկը: Մենք միշտ պատրաստ ենք առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել նմանատիպ ձեռնարկումներին, առաւել եւս, որ այն օտարերկրեայ ներդրման արդիւնք է», հաստատած է վարչապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.