Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը սուգի մատնուեցաւ Ուրբաթ, 17 Յուլիսին, ի լուր եկեղեցւոյ ու անոր կողքին կանգնող մշակութային կեդրոնի գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզի մահուան գոյժին:
Հանգուցեալ բարերարը 86 տարեկան էր: Ծնած էր 23 Ապրիլ 1929ին, Այոուայի Մովիլ քաղաքը: 21 տարեկանին, նահանգի համալսարանէն վկայուած էր իբրեւ մեքենագէտ արհեստագէտ՝ մասնագիտանալով օդանաւորդութեան ջրամղումի (hydraulics) ճիւղին մէջ: 1956ին հաստատուած էր Պըրպենք, ուր պաշտօնավարած էր «Թեքսթերոն» ընկերութեան մէջ:
Ան իր ապագայ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեանին, ծանօթացած էր 1964ին. վերջինս, մինչ այդ, ամբողջացուցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր պաշտօնավարութիւնը եւ սկսած էր գործելու «Լաքհիտ» օդանաւային ընկերութեան մէջ, Պըրպենք: Անոնք իրենց ընտանիքը կազմեցին Լաս Վեկասի մէջ, 6 Դեկտեմբեր 1965ին:
1971ին, Լերի եւ Սեդա հիմնեցին իրենց անձնական ընկերութիւնը՝ «Թեքմեֆիլթըր», հեռանալով վերոնշեալ ընկերութիւններէն: Անոնց ընկերութիւնը կ՛արտադրէր stainless steel-է զտիչներ: 1980ին, անոնք Իրլանտայի Շենըն քաղաքին մէջ հաստատեցին լծակից ընկերութիւն մը, որպէսզի աշխարհագրականօրէն աւելի մօտիկ ըլլան իրենց եւրոպացի յաճախորդներուն: 1986ին, անոնք լուծարքի ենթարկեցին իրենց եւրոպական գործունէութիւնը եւ հաստատուեցան Լաս Վեկաս: Լերի Պարնզ իր արտադրութեան գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 2011, երբ վաճառեց իր ընկերութիւնը:
Լաս Վեկաս հաստատուելէ ետք, Լերի եւ Սեդա սերտօրէն առնչուեցան քաղաքի հայ համայնքի հասարակական կեանքին հետ եւ կամաւոր կերպով գործեցին հայկական կազմակերպութեանց ծիրէն ներս: Սեդա Տէր Կարապետէան-Պարնզ եղաւ ՀՕՄի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ տարիներ շարունակ երախտաշատ ծառայութիւն մատուցեց անոր յարկին տակ, զուգահեռաբար նաեւ տարիներու ծառայութիւն ունեցաւ ծխական համայնքի կեանքէն ներս՝ անդամակցելով ծխական յանձնախումբին: Ափսո՜ս, ան չտեսաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կանգնումը. սեփական եկեղեցի մը ունենալու երազը ան փայփայած էր տարիներ շարունակ:
2009ին, ի յիշատակ իր կնոջ, Լերի Պարնզ իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեց ի նպաստ եկեղեցւոյ ծրագիրին՝ ազդանշանը տալով Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ կողքի մշակութային կեդրոնի մարմնաւորման: Առ ի գնահատանք Հայց. եկեղեցւոյ իր նուիրումին ու բարերարութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Մայիս 2010ին Լերի Պարնզը պարգեւատրեց «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով:
2011ին, Լերի Պարնզ կը գտնուէր վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս, Արեւմտեան թեմ իր հովուապետական այցելութեան օրերուն, Լաս Վեկաս այցելութեան առիթով կատարեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը:
Լաս Վեկասի համայնքը երախտապարտ է Լերի Պարնզին նաե՛ւ անոր համար, որ նախքան մահը, ան հաստատեց «Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզ կր-թական հիմնադրամ»ը, որ քաջալեր պիտի հանդիսանայ Լաս Վեկասի հայ համայնքի 10էն 16 տարեկան մանուկներու հայերէն լեզուի ուսուցման:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 25 Յուլիսին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 9էն սկսեալ: Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 10ին: Հանգուցեալ բարերարին մարմինը պիտի ամփոփուի Palm Mortuary գերեզմանատան մէջ (7600 South Eastern Avenue, Las Vegas, NV 89123):
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու տիկնանց միութիւնը կազմակերպած են հոգեճաշի ընդունելութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ:
Փափաքելի է, որ փոխան ծաղկեպսակի՝ նուիրատուութիւնները կատարուին «Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզ» հիմնադրամին: Նուիրատուութիւնները կարելի է յղել Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հասցէով՝ 2054 East Desert Inn Road, Las Vegas, NV 89169:
Հոգեւոր Հովիւ, Ծխական Յանձնախումբ
Եւ Տիկնանց Միութիւն՝ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ