Լիզպոնի հերոսական գործողութեան տարեդարձն է դարձեալ: 27 Յուլիս 1983ին Հայկական Յեղափոխական Բանակի հինգ անձնազոհներ գրաւեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը եւ իրենց հետ պայթեցուցին զայն, երբ չկատարուեցան իրենց պահանջները: Անոնք ընտրեցին անմահութիւնը՝ իմացեալ մահուան ճամբով: Իրենց մահով անոնք կեանք տուին ազգին ու գաղափարին:
Լիզպոնի հերոսական գործողութիւնը պսակադրումը եղաւ 1975էն ետք շղթայազերծուած Հայ Դատի պայքարի ուժական փուլին: Ամբողջ Սփիւռքի մէջ, հինգ նահատակ հերոսներուն անձնազոհութեան, գաղափարապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակը գործեց աննախընթաց ազդեցութիւն, յատկապէս՝ իր արմատներուն վերադարձող եւ հայ ժողովուրդի արդար Դատին համար յանձնառութիւն ստանձնած երիտասարդ սերունդին համար:
Լիզպոնի հինգը բոցավառեցին ազգային-ազատագրական պայքարի հուրը եւ դարձան յաւերժական արժէք ու ներշնչման աղբիւր՝ իրերայաջորդ սերունդներու: Դժուար չէ անոնց սխրանքին եւ 1988ի թէ 1991ի խոյանքներուն միջեւ ոգեղէն կապը տեսնելը: Լիզպոնը դարձաւ նշանակալից հանգրուան՝ հայրենի հողի եւ իրաւունքի համար մղուած յետագայ պայքարներուն:
Այսօր, իրենց նահատակութեան տարեդարձին, ազատութեան զոհասեղանին իրենք զիրենք նուիրաբերած Արան, Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնն ու Սագօն տակաւին մեզի հետ են ու մի՛շտ պիտի մնան մեզի հետ, այնքան ատեն որ կը շարունակենք ապրիլ անոնց արարքով: Անոնք կը մեռնին միայն այն ժամանակ, երբ մեր մէջ կը մեռնի անոնց արեամբ շնչաւորուած ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի երազը:
Լիզպոնի օրերուն երազ էր անկախ հայրենիք ունենալը: Այսօր երազ է ունենալ բարգաւաճ հայրենիք, որ հիմնուած ըլլայ իսկական ժողովրդավարութեան, զարգացած տնտեսութեան եւ ընկերային արդարութեան վրայ: Երազ է ունենալ Արցախն ու Նախիջեւանը Հայաստանի սահմաններէն ներս, æաւախքը՝ իր տագնապները յաղթահարած, Արեւմտահայաստանը՝ իր զաւակները գրկած, Սփիւռքը՝ Հայաստան վերադարձած:
Այս բոլորը երազ են այսօր, սակայն՝ իրականանալի երազներ: Եւ ճիշդ ա՛յս կը պատգամեն Լիզպոնի հերոսները իրենց նահատակութենէն 31ամեակ մը ետք: Հարկ է խոնարհիլ իրենց յիշատակին դիմաց եւ շարունակել իրենց ուրուագծած ճամբան՝ ի խնդիր հայութեան պատմական իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնումին եւ հայ ազգի գերագոյն իտէալներու կենսագործումին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.