Հեղինակ՝ Շնուտա Գ. Հայրապետ
Թարգմանեց Ու Մշակեց՝
ԱՒՕ ՍՐԿ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ քրիստոնէութեան՝ արտօնելի՞ է անձի մը մարմինէն (ողջ, մահամերձ կամ նոր մահացած) գործարան մը փոխադրել ուրիշ անձի մը մարմինին մէջ՝ վիրաբուժական գործողութեամբ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քրիստոնէութիւնը դէմ չէ ներքին գործարաններու փոխպատուաստման:
Ս. Գիրքը՝ իր Հին ու Նոր կտակարաններով, բառացիօրէն ո՛չ կը թելադրէ եւ ոչ ալ կ՛արգիլէ գործարաններու փոխպատուաստումը, որովհետեւ մեզմէ երկու հազար տարիներ առաջ բժշկութիւնը այս նիւթով չէր զբաղեր: Սակայն Աւետարանի ոգին կոչ կ՛ուղղէ նուիրումի եւ անձնազոհութեան՝ մեր նմաններուն կեանքերը փրկելու համար:
Ուրեմն, Աւետարանի ուսմունքին համաձայն՝ արտօնելի է գործարաններու փոխպատուաստումը անհատի մը կեանքը փրկելու համար:
Ըստ քրիստոնէութեան՝ փոխպատուաստումը միջամտութիւն չէ Աստուծոյ գործերուն, ոչ ալ անպատուութիւն եւ անարգանք՝ նուիրատու մարմինին հանդէպ:
Մարմինն ու հոգին կ՛ապականին միա՛յն մեղքով:
Ազնիւ արարքի մը գործադրութեան ընթացքին, օրինակ՝ հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ, անձ մը եթէ մարմինի անդամ մը կորսնցնէ, այդ զոհաբերութիւն է: Վիրաբուժական գործողութեան մէջ գտնուող հիւանդի մը կեանքը փրկելու համար գործարան մը նուիրելը զոհաբերութիւն է: Քու անձէդ ուրիշին նուիրաբերելը արժանապատուութիւնդ կը վսեմացնէ, եւ նման արարք չի՛ հակասեր կրօնական սկզբունքներու:
Նահատակները ա՛յս ձեւով գործած են, ըլլան անոնք հաւատքի թէ հայրենիքի նահատակներ: Նահատակներն ու անոնց մասունքները յաւէրժական պատիւի կ՛արժանանան թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ մարդոց կողմէ: Շատ մը նահատակներու մարմիններուն անճանաչելիութիւնն ու կտրատումը կը սատարեն միա՛յն անոնց մնայուն պանծացման:
Գործարանի մը նուիրաբերումը, կենդանութեան ժամանակ թէ անմիջապէս մահուընէ ետք, ըլլայ կեանք մը փրկելու կամ բժշկութեան զարգացման նպաստելու, որոշ չափով կը նմանի նահատակներու զոհաբերութեան օրինակին:
Կամովին եւ գիտակցաբար մարմինի օրկան մը նուիրաբերելը չի նսեմացներ մարմինին արժանապատուութիւնը, որովհետեւ մարմինին արժանապատուութիւնը իր ձեւին մէջ չէ, այլ՝ իր բարի արարքներուն մէջ:
Աւետարանը կ՛ուսուցանէ մեզ նուիրաբերել մեր կեանքերը Յիսուսի խօսքին համաձայն. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ. 15.13):
Եթէ Աւետարանը կոչ կ՛ուղղէ մեզի զոհելու մեր կեանքերը մեր նմաններուն համար, որքան աւելի պիտի խրախուսէ մեզ նուիրելու գործարան մը, ազատելու համար մահամերձ կարիքաւորի մը կեանքը:
Ընդհանրական հաս-կացողութեամբ, մարմինները իրենց զուգակցուած հոգիներուն ծառայող գործիքներ են, եւ պէտք է զանոնք պահել իրենց ամբողջութեան մէջ: Սակայն երբ կարիքը կայ զոհաբերութեան ու նուիրումի, անձնասիրութիւն պիտի ըլլայ մարմին- հոգի ամբողջութիւնը առաջնահերթ դասել: Մարմինէն գործարան մը նուիրաբերելը հոգին նոր բարձունքներու կը հասցնէ:
Աւետարանին մէջ ըսուած է թէ սէրը «…միայն ինքզինք չի մտածեր» (Ա. Կորնթ. 13.5): Նոյնպէս Պօղոս առաքեալ գաղատացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի» (Գղ 4.15):
Ուրեմն հարց տանք մենք մեզի. «Աւելի լաւ է ապրիլ երկո՞ւ երիկամներով կամ նուիրել մէկը կարօտեալի մը ու կեանք մը փրկել»:
Նոյնը կարելի է ըսել արեան փոխներարկման (blood transfusion) մասին:
Կարգ մը բժշկական գործողութիւններու ընթացքին, անձի մը մարմինին որոշ մասերը, օրինակ՝ երակ, կտոր մը մորթ կամ զանազան գործարաններու հիւսուածներ (tissue), արդէն իսկ կը փոխադրուին իր իսկ մարմինին այլ մասերը կամ ուրիշ անձի մը մարմինին մէջ, առանց ոեւէ առարկութեան կամ վէճի:
Ինչ կը վերաբերի մահամերձ թէ նոր մահացած մարդուն, անոր մարմինէն օրկան մը վերցնելը պիտի չվնասէ անոր, այլ պիտի փրկէ կարօտեալի մը կեանքը:
Եթէ անձ մը չհամաձայնի իր մարմինի գործարանները յետ մահու նուիրաբերել կարօտեալի մը, արդեօք պիտի կարենա՞յ արգիլել իր դիակի յօշոտումը անհամար որդերու կողմէ: Պիտի կարենա՞յ կանգնեցնել իր մարմինին քայքայումը: Ուրեմն ո՞ւր մնաց իր մարմինին արժանապատուութիւնը:
Աւետարանին մէջ սկիզբէն հետեւեալը ըսուած էր մարդուն. «Դէմքիդ քրտինքո՛վ պիտի ուտես քու հացդ մինչեւ գետինը վերադառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանի որ դուն հող էիր ու հողին պիտի վերադառնաս» (Ծննդ. 3.19): Նաեւ ըսուած է. «Այն ատեն հողը գետին պիտի վերադառնայ, ինչպէս որ առաջ հոն էր, ու հոգին Աստուծոյ պիտի վերադառնայ, որ զայն տուաւ» (Ժող. 12.7):
Տրուած ըլլալով, որ մարմինը մահուընէ ետք պիտի վերադառնայ հողին, կրնանք ուրեմն համոզուիլ, որ անոր գործարաններն ու անդամները կեանքի միջոցներ են. ուրեմն անպատուութիւն չէ որեւէ գործարանի փոխպատուաստումը կեանք մը փրկելու սիրոյն:
Վախ պէտք չէ ունենանք, երբ մեր մարմիններու յետ մահու վիճակին մասին մտածենք, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք մահուընէ ետք փառաւորեալ մարմիններու յարութեան:
Սրտանց կը քաջալերեմ ներքին գործարաններու շտեմարանի (organ bank) մը ստեղծումը: Այս գաղափարը ոեւէ ձեւով չի հակադրուիր կրօնական հասկացողութիւններուն:
Կրօնքը կ՛ուսուցանէ մեզ բարիք գործել, եւ որքա՜ն երանելի են անոնք, որոնք իրենց կենդանութեան կամ մահուընէ ետք, իրենց բերանացի կամ գրաւոր կտակով, գործարան մը կը նուիրաբերեն: Այդ գործարանը ստացողը կրնայ նոյն արարքը ի՛նք ալ գործադրել ու նպաստել կարիքաւորի մը կեանքի փրկութեան:
Այս ձեւով կը սատարենք բարիքի շարունակականութեան ողջերու եւ մեռածներու շնորհիւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի վարձատրուի Տիրոջ կողմէ, իր գործերուն համաձայն:
Փոխպատուաստումն ու փոխներարկումը առաքինութեամբ կը բնորոշուին:
Մարմինն ու հոգին երբ ներդաշնակութեամբ բարիք գործեն, կ՛օրհնուին Տիրոջ կողմէ:
Օրհնեա՜լ ըլլայ Տիրոջ անունը: Ամէն: