ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի բարեկամներու, պոսթոնաբնակ երկու հայուհիներու՝ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու կողմէ եւ Մատենադարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամը:
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջազգային կապերու բաժինէն հաղորդած են, որ 10 Ապրիլ 2015ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հիմնադրամի համանախագահներ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու միջեւ ստորագրուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամի հիմնադրման պայմանագիրը, որ նոր ուղիներ կը բանայ Մատենադարանի կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագիրներու առաւել ընդլայնման ու զարգացման համար:
Հիմնադրամի կարեւորագոյն առաջադրանքներէն են Մատենադարանի շրջանակներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալող երիտասարդ գիտնականներու, որոնց կարգին ասփիրանդներու, հայցորդներու գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտ ապահովումը, աջակցութիւնն ու խթանումը եւ երիտասարդ գիտնականներու ներգրաւումը գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներու մէջ:
«Մենք շատ կը սիրենք ճամբորդել, շրջագայած ենք բազմաթիւ երկիրներ, բայց հոս ամէն ինչ հարազատ է: Մատենադարանին մէջ մենք մեզ զգացինք այնպէս, կարծես հարազատ օճախ ըլլայ, տեսանք, կապ հաստատեցինք երիտասարդներու հետ: Ուրախ ենք տեսնելու երիտասարդ գիտնականներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ձեր աշխատանքներուն մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կատարած աշխատանքը եւ ի սրտէ կը փափաքինք, որ այս հիմադրամը ծառայէ երիտասարդ գիտնականներու գիտելիքներու եւ հմտութեան համալրման վերաբերող ծրագիրներու», յայտնած է Պէաթրիս Ղրտեան՝ նշելով, որ հիմնադրամը այդ նպատակով հիմնուած է:
Մէկ տարի առաջ՝ Հոկտեմբեր 2014ին հայրենիք ժամանած Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններ Մատենադարանին նուիրած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածոն (հինգ ձեռագիրներ, որոնցմէ մէկը 17րդ դարուն գրուած Աստուածաշունչ մատեան է, իսկ միւս չորսը արաբատառ ձեռագիրներ, եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր՝ մեծ մասամբ 17-18րդ դարերու հայ գրքարուեստի երախայրինքներ): Բացի վերոյիշեալ հազուագիւտ գիրքերէն, վերջերս Մատենադարան հասած են նաեւ Ղրտեան քոյրերուն կողմէ նուիրուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական երկու թանկարժէք գորգեր: Մատենադարանի ֆոնտերը հարստացուցած այս կարեւոր հաւաքածոն, նուիրատուներուն փափաքով, Մատենադարանին յանձնուած է ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ եղբօր՝ մասնագիտութեամբ բժիշկ Ռուբէն Ղրտեանի: «Հիմա, որ այդ բոլորը իրենց ապահով տեղը գտան, հանգստացանք, Ռուբէնի սիրտն ալ հանգստացաւ», ըսած են Ղրտեան քոյրերը:
Այսպէս, մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք պաշտօնապէս բացուած է նաեւ Ղրտեան ընտանիքին կողմէ ստեղծուած հիմնադրամը: