Յարգելի խմբագիր,
Կրնա՞նք «փտածութիւն»ը փոխարինել «եղծանում»ով:
Լեզուագէտ չեմ: Կը փորձեմ բառերու ուժին եւ կշիռքին ականջ տալ:
Այս պարագային՝ «եղծանում»ը «փտածութիւն» արտայայտութենէն աւելի՛ ճիշդ կը հնչէ. արարքի էութիւնը աւելի՛ լաւ կը բացատրէ: Ենթական օրէնքը, արդարութիւնը, իրեն վստահուած արժէքները եղծանած է: Թերեւս, օր մը, «եղծագործ» ածականը այնքա՛ն ծանր կշռէ, որ «եղծագործ»ներու խիղճը արթննայ, եւ այդ երեւոյթը մեր իրականութենէն անհետանայ:
ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ
Յարգելի խմբագիր,
Արձագանգելով «Փտածութի՞ւն, Թէ Եղծանում» սիւնակիդ հարցադրումին՝ Նոյեմբեր 2013 թուականին «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած է «Եղծում եւ Ազգասիրութիւն» յօդուածս, որմէ կ՛արտագրեմ առաջին պարբերութիւնը ստորեւ.
«Սկիզբէն յստակացնենք մեր ընթերցողին, որ խորագիրի «եղծում» բառը մեր նախընտրած թարգմանութիւնն է անգլերէն corruption բառին, որ հայրենի մամուլին մէջ պարզապէս դարձած է «կոռուպցիա», իսկ սփիւռքահայ մամուլին մէջ՝ կաշառակերութիւն: Եղծումը իրեն մէջ կ՛ընդգրկէ ոչ միայն կաշառակերութիւն իմաստը, այլ նաեւ՝ փտութիւն, փճացում, քանդում, խաթարում, ապականում, այլանդակում, աղաւաղում եւ հերքում իմաստները»:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ